Պոլսահայ Կիներուն Դէմ Յարձակումներու Հարցով Մեղադրուողը Հերքած Է Իր Դէմ Ուղղուած Մեղադրանքները

Մուրատ Նազարեան

Թրքական «Սի.Էն.Էն.թիւրք» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ պոլսահայ տարեց կիներուն դէմ յարձակումին մեղադրանքով կալանաւորուած Մուրատ Նազարեան դատական առաջին նիստին ընթացքին հերքած է իր դէմ ներկայացուած մեղադրանքները` պնդելով, որ ինք ոչ մէկը սպաննած է:

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու գործերով երկրորդ դատարանին մէջ տեղի ունեցած է պոլսահայ կիներուն դէմ յարձակումներու գործով ձերբակալուած Մուրատ Նազարեանի դատական առաջին նիստը:

Յարձակումներու զոհերու դատապաշտպան Էրեն Քեսքին դատական նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ մեղադրական զեկուցումը թերի է, որովհետեւ կատարուած յանցանքներու ժամանակաշրջանին շարք մը կիներու դէմ տարբեր վայրերու մէջ յարձակումներ տեղի ունեցած են: Ան պնդած է, որ յարձակումի ենթարկուած կիները կը միաւորէ մէկ բան` հայ ըլլալը, իսկ սպանութեան դաժանութեան ուշադրութիւն դարձնելով` կարելի է եզրակացնել, որ անիկա ատելութեան հողի վրայ կատարուած սպանութիւն է: Ըստ փաստաբանին, հետաքննութեան ժամանակ յայտնի դարձած է, որ դէպքի վայրին մէջ ականատեսներ յաւելեալ երկու անձ տեսած են, սակայն այդ փաստին վրայ ուշադրութիւն չէ դարձուած:

Մեղադրեալ Մուրատ Նազարեան իրեն ուղղուած հարցումին ի պատասխան նշած է, որ ըսելու ոչինչ ունի, որովհետեւ ոչ մէկը սպաննած է: Դատարանը յետաձգած է նիստը` անփոփոխ ձգելով Մուրատ Նազարեանի խափանման միջոցը:

Նշենք, որ դեկտեմբեր 2012-ին եւ յունուար 2013-ին Պոլսոյ հայերով բնակեցուած Սամաթիա թաղամասին մէջ տարեց հայ կիներու դէմ յարձակումներ կատարուած էին: Այդ յարձակումներուն կատարման յանցանքով ձերբակալուած է պոլսահայ Մուրատ Նազարեան:

Նազարեանը ճանչցողները կը պնդեն, որ ան շատ հանդարտ անձնաւորութիւն էր եւ անհաւատալի է, որ զինք նման յանցանքով մեղադրեն: Բացի ատկէ, կը նշուի, որ ան ոչ մէկ հարազատ ունի եւ ան հոգեկան խանգարումներ ունի:

Share this Article
CATEGORIES