Մինիոն Ցանկութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Պատուիրակութիւններուն Հետ Քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Մինիոն ցանկութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւններուն հետ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը: Սակայն ան չճշդեց, թէ ե՛րբ մտադիր է ատիկա կատարել:
Մինիոն յիշեցուց Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի շրջագիծին մէջ եղած` Լեռնային Ղարաբաղի ենթայանձնախումբի մասին եւ ընդգծեց, որ Մինսքի խմբակի միջնորդներուն կողմէ մշակուած Մատրիտեան սկզբունքները հիմք են տագնապի լուծման ուղղութեամբ աշխատելու համար:
CATEGORIES Հայկական


