Եուրօ-2020-ի Մրցումները Կրնան Տեղի Ունենալ Հայաստանի Կամ Ազրպէյճանի Մէջ
Իր լուրը քաղելով ռուսական մամուլէն` ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Եուրօ-2020-ի ախոյեանութեան մրցումներէն քանի մը հատը կրնան տեղի ունենալ Հայաստանի կամ Ազրպէյճանի մէջ:
Ըստ տեղեկութիւններուն, ԱՊՀ-ի երկիրներէն Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն բացի իրենց թեկնածութիւնը պիտի առաջադրեն նաեւ Հայաստան եւ Ազրպէյճան:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա նախագահ Սերժ Սարգսեան պայման դրած է, որ հինգ տարուան ընթացքին Հրազդան մարզադաշտը համապատասխանէ եւրոպական բոլոր չափանիշներուն:
Իսկ Ազրպէյճան կ՛ուզէ մրցումները հիւրընկալել Պաքուի մէջ, ուր կը վերանորոգուի անոր ողիմպիական մարզադաշտը:
CATEGORIES Մարզական

