Ըմբշամարտ. Արմէն Մելիքեան` Եւրոպայի Ախոյեան
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 22-24 յունիսին տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան, 58 քկ դասակարգին մէջ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Արմէն Մելիքեան:
Ըստ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին հաղորդած տեղեկութիւններուն, Սլաւիկ Գալստեան (42 քկ) եւ Էդկար Թամազեան (46 քկ), տիրացած են արծաթէ մետալի, իսկ Հրաչ Կալաչեան (69 քկ)` պրոնզէ մետալի:
Հայաստանի երկու այլ ըմբիշներ` Գրիգոր Մելիքեան (54 քկ) եւ Մովսէս Աւետիսեան (50 քկ), գրաւած են 5-րդ դիրքը:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 9 ըմբիշներով:
Հայկական վերոնշեալ կայքէջը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ մինչ այդ եւրոպական մրցասպարէզ դուրս եկած Հայաստանի ազատ ոճի 10 ըմբիշներէն երկուքը տիրացած են արծաթէ մետալի, իսկ երկու ուրիշներ գրաւած են 5-րդ դիրքը:

