Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Լաւ ընթացքի մէջ էք: Մանր մունր հարցերը նկատի մի առնէք, որովհետեւ սովորական բաներ են: Շարունակեցէք ձեր լաւ ու բարեբեր ուղին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ծրագիրները լաւ են, հաստատ, վստահութիւն ունեցէք անոնց նկատմամբ: Եթէ երբեմն օգնութեան կարիքը զգաք, դիմեցէք փորձառուներու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքները եւ ծրագրած գործերը կրկին սերտեցէք, վերստուգում մը կատարեցք: Ունիք տաղանդը բազմաթիւ աշխատանք կատարելու նոյն ատեն, այսուհանդերձ դասաւորուած գործեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պատրաստ էք օգնելու ձեզի դիմողին, բայց ընդունեցէք, որ անոնք ալ օգտակար եղած են ձեզի: Երախտագէտ ըլլալը պարկեշտութիւն է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ունիք յստակ եւ իրաւ տեսլական մը, որ կը վերաբերի ձեր առօրեայ գործունէութիւնը բարելաւելու, դասաւորումներ կատարելու եւ օրը օրին օգտագործելու ձեր պաշարը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լաւապէս պիտի ճանչնաք ձեզի հետ աշխատողները: Ասիկա կարեւոր է ձեր աշխատանքը զարգացնելու բարելաւուած ընթացքով: Համակերպող եղէք երբեմն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքը լաւ կազմակերպեցէք, կարգ ու կանոն դրէք: Այս ձեւով պիտի տեսնէք, թէ որքան դիւրին պիտի ընթանայ ձեր գործը: Խառնակ վիճակէ հեռու մնալը հանդարտութիւն կը ներշնչէ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արուեստի գործերով պիտի զբաղիք, պիտի ունենաք հոգեկան թեթեւութիւն եւ գոհունակութիւն: Արուեստը խաղաղութեան բանալին է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր շուրջինները պիտի չվստահին ձեզի: Դուք պիտի վշտանաք անոնց այս վերաբերումին համար: Ինքնաքննարկում մը կատարեցէք ձեր հետ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դուք ձեզ պաշտպանեցէք արտաքին երեւոյթներէ: Միակամ եղէք ձեր ընտանիքին հետ, որպէսզի դիմագրաւէք դժուարութիւնները: Օրը կը պահանջէ շրջահայեաց ըլլալ, մնալ զգուշ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եռանդուն էք, խանդավառ, աշխատանքի թէ ընկերային կապի իմաստով: Ձեր այդ օգտակար կեցուածքը միշտ պահեցէք, կը շահիք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շրջապատին մէջ գրաւիչ տեսք մը եւ վարուելակերպ մը պիտի ունենաք: Այս մասին գնահատանք պիտի արտայայտեն ձեր բարեկամները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )