Իմաստասիրութիւնը Մանուկներուն Մօտեցնելու Նախաձեռնութիւն
Յունիս 15-ին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած էր իմ յօդուածս «Իմաստասիրութիւնը ժողովուրդին մօտեցնելու փորձ» խորագրով:
Յօդուածը գրելուս յաջորդող օրերուն շատերու պէս ես ալ հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանին առջեւ նստած էի` զբօսանքի համար, եւ մէկ ալիքէն միւսը կ՛անցնէի դիտելիք-լսելիք բան մը գտնելու համար:
Մտածած էի «ժողովուրդ»-ի մասին, ընդհանուր տարազում մը: Ես ինծի հարց ալ տուած էի, թէ ո՞վ տրամադիր է նման առաջարկ լսելու: Առօրեայի հարցերու մէջ խեղդուող մարդոց համար իմաստասիրութիւնը անօգուտ շատախօսութիւն է: Միթէ նախ պէտք չէ՞ լսել առաջարկի մը տուն տուող պատճառները: Ապա թերեւս ճամբայ կը հարթուի նախաձեռնութեան առջեւ:
Յօդուածը գրելուս յաջորդող օրերուն, միշտ չի պատահիր, հեռատեսիլը նմանօրինակ մտահոգութեան մը կեանքի կոչուելուն մասին խօսեցաւ: Ազգային սովորութիւն է «առաջին» ըլլալու սնապարծութիւնը: Ուրիշներու պէս խորհեցայ, գէթ մէկ անգամ, որ «առաջնութեան» շարքին էի… բայց նախարար չէի:
Հաճելի եւ իրապէս զարմանալի անակնկալ մը հրամցուեցաւ: Ֆրանսական նախակրթարանի մը մէջ համալսարանի դասախօս երիտասարդ եւ շնորհալի կին մը մանուկներուն հետ կը խօսէր իմաստասիրական հարցերու եւ Պղատոնի մասին:
Գործնապաշտներ ժամանակ չունին նման հարցերով զբաղելու:
Հաղորդման վերջաւորութեան ըսուեցաւ, որ շաբաթը մէկ ժամ ծրագրուած է նախակրթարանի առաջին դասարանի այդ մանուկներուն հետ խօսիլ իմաստասիրութեան մասին:
Դասաւանդողը հոն չէր եկած բացակայ ուսուցիչ մը փոխարինելու կամ փորձ մը ընելու համար: Կրթական ծրագրին մաս կը կազմէ, շաբաթական մէկ ժամ հերթականութեամբ, իմաստասիրութեամբ զբաղիլ նախակրթարանի մէջ:
Դասաւանդողը պատահական անձ մը չէր, վկայեալ էր, եւ ունէր իր տիտղոսը` մեթր տէ քոնֆերանս:
Կ՛երեւակայեմ ունկնդիրներու եւ ընթերցողներու տարակուսանքը, քիչ մըն ալ` քմծիծաղը, մանաւանդ մեր պարագային, երբ գործնականութենէ հեռացող առարկայի համար, նպարավաճառի տրամաբանութեամբ, պուտտայի պէս կանգնած մեր յաջողութիւններու պատուանդանին վրայ, կը յայտարարենք, թէ` «նման բաներ փոր չեն կշտացներ»: Եւ «ծնողական» համարուած այդ տրամաբանութեան դէմ չեն կրնար երթալ դպրոցները:
Ֆրանսայի կրթական նախարարութիւնը երբ նման նախաձեռնութեան կը դիմէ, ի մտի ունի սերունդի դաստիարակութիւնը, չ՛անգիտանար, որ այդ մատ մը երեխաները պէտք է պատրաստել յաջողութեան: Նման որոշում կայացնողները առնուազն մեզի չափ բանգէտ են, մենք` ծնողք, զանազան մակարդակներու պատասխանատուներ, ուսուցիչներ:
Ֆրանսայի կրթական նախարարը չեմ, հայ կեանքի մէջ ալ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ)` կրթական ծրագիրները կազմող, բայց առնուազն օգտակար կը համարեմ, որ կրթական մարզի պատասխանատուներ եւ ազգի ապագայ որոշողներ, եւ այդ հարցով մտահոգուողներ, հակառակ անմիջական համարուող հարցերու ճնշման, ֆրանսական այս նախաձեռնութեան լոյսին տակ… մտածեն սերունդի վաղուան մասին:
Կը յիշեմ իմաստասէր Քարլ Եասփերզի վկայութեան մասին, մանուկի բերնէն լսած հիմնական հարցումի մը: Երբ կը բացատրեն, թէ ի սկզբանէ կար Աստուած, մանուկը կոյս հոգիով հարցում կ՛ուղղէ, իսկ անկէ առաջ… Իմաստասիրական եւ բնազանցական հարցերու կողքին, մտածելու վարժութիւն ձեռք բերած սերունդը, օրինակ, երբ կը գտնուի ինքնութեան հարցին դիմաց, զոր մենք անհեռանկար դարձած ազգապահպանումով կը սահմանենք, ինչպէ՞ս պիտի տրամաբանէ եւ պիտի կողմնորոշուի, երբ ենթակայ է ամերիկացի, ֆրանսացի, արժանթինցի, ռուս, թուրք, կամ այլ մշակոյթներու հզօր ճնշման տակ այլ բան դառնալու:
Կարելի՞ է յառաջացնել մտածում, որպէսզի մանուկը, երիտասարդը, աշխատաւորը, երբեմն հարց տան, Եասփերզի յիշած մանուկին պէս, որ այս կամ այդ բանը ըլլալէ առաջ… ի՞նչ էին:
Նուազագոյն առարկայականութեամբ եթէ մօտենանք խնդրին, պիտի հաստատենք, որ կարգախօսներու թութակային կրկնութեամբ ազգապահպանումը անկարելի է այլեւս, եթէ նոր սերունդը անատակ դարձած է իր կացութիւնը իմաստասիրական եղանակով եւ բովանդակալից յանձնառութեամբ ընկալելու: Այդ ըմբռնումը զարգացնելու համար ճառ եւ բարոյախօսութիւն ժամանակավրէպ են:
Սերունդը, ծնողներու ներշնչած գործնապաշտութեան (եւ անոր հետեւող կրթական համակարգին) եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան խաղին ընտելանալու կողքին, մտածման ճամբով իր ինքնութեան նուաճումը պէտք է որ կարենայ ընել:
Ինչպէ՞ս:
Ֆրանսան մեծ պետութիւն է եւ ունի հզօր մշակոյթ: Իր պատմութեան նոր ժամանակաշրջանի մեծ հարցերէն է ներգաղթող բազմատեսակ ժողովուրդներու միջեւ նոր բնոյթի միութեան ստեղծումը, որ անցեալի սովորական ձուլումը չի կրնար ըլլալ այլեւս: Հետեւաբար վաղուան այլընտրանքը պիտի գայ մտածման եւ իմաստութեան թելադրած ճանապարհով:
Ընկերային կեանքի եւ պատմութեան լուսապատճէններ եւ ճապաղած կրկնութիւններ չկան: Կան փորձեր, որոնումներ, որոնք ապագակերտ են:
Ֆրանսայի նախակրթարանին մէջ կատարուող մտածելու մանկավարժութեան նախաձեռնութիւնը կրնա՞յ ներշնչել հայկական հեռանկարային կրթութիւնը:
Հարցում էր:
Եւ իմաստուն պատասխանը կրնայ գալ Պղատոնի դաստիարակութեամբ, որ ճշմարտութիւնը եւ իրաւ սահմանումները կը փնտռէր զրուցելով, որ մերժումն է կարգախօսներու, տիքթաթներու եւ կուրուներու:
Եթէ իրապէս, անմիջական մանրուքներէն անդին, ունինք ապագայի խոր մտահոգութիւնը:
Կ՛արժէ մտածել օրինակի մասին:
Ֆրանսական նախակրթարանի առաջին դասարաններուն մէջ համալսարանի դասախօս տիկինը Պղատոնի մասին կը խօսի:
Այդ ուսուցումը համեմ չէ, հետեւողականօրէն շաբաթը մէկ ժամ ուսուցում է:
Ինչ որ կ՛ըսուի, կը սիրեմ հաւատալ, որ սոսկ տեղեկատուութեան սահմանէն անդին կ՛անցնի:
Կ՛անցնի՞:
30 Մայիս 2013,
Նուազի-լը-Կրան,

