«Ազրպէյճանական Դրօշը Դարձեալ Պիտի Ծածանի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

Trend.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու օրուան նուիրուած տողանցքին ընթացքին իր արտասանած ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ «ազրպէյճանական դրօշը դարձեալ պիտի ծածանի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած զինուորական տողանցքին ընթացքին Ալիեւ աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի զինուորական եւ տնտեսական հզօրութիւնը իր դերը պիտի խաղայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ:

«Այսօր կարելի է ըսել, որ Ազրպէյճանի մէջ չլուծուած մնացած է միայն Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը, սակայն այդ հարցին մէջ ալ կայ յստակ քաղաքականութիւն: Միջազգային իրաւական արժեչափերը, տնտեսական, քաղաքական գործօնները եւ մեր զինուորական հզօրութիւնը իրենց դերը պիտի խաղան Լեռնային Ղարաբաղի հարցի արդարացի լուծման գործին մէջ, եւ Ազրպէյճան պիտի վերականգնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ազրպէյճանական դրօշը պիտի ծածանի Լեռնային Ղարաբաղի եւ բռնագրաւուած միւս տարածքներուն մէջ, Խանքենտիի (Ստեփանակերտ. «Ա.») մէջ, Շուշիի մէջ: Մենք պիտի վերականգնենք պատմական արդարութիւնը եւ պիտի վերադառնանք մեր հայրենի հողերը: Այլ ճամբայ չկայ», յայտարարած է Ալիեւ:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «ուժեղ Ազրպէյճանը թոյլ Հայաստանի հետ կրնայ խօսիլ իր ուզած լեզուով: Ազրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ալիեւ նշած է, թէ իրենք «ի վիճակի են ղարաբաղեան հարցը լուծելու նաեւ զինուորական ուղիով, սակայն շրջանի կայունութիւնը չխաթարելու համար առայժմ կը նախընտրեն խնդիրի լուծման բանակցային ուղին»:

«Ազրպէյճան շրջանին մէջ մեծ հեղինակութիւն ունի եւ կայունութիւն հաստատողի դեր կը կատարէ: Առանց Ազրպէյճանի համաձայնութեան, որեւէ նախագիծ, որեւէ նախաձեռնութիւն չի կրնար կեանքի կոչուիլ շրջանին մէջ: Ուստի, շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու համար մենք առայժմ նախապատուութիւնը կու տանք խնդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթին: Սակայն գաղտնիք չէ, որ օրէ օր Ազրպէյճան կը դառնայ աւելի ուժեղ, իսկ Հայաստան կը տկարանայ: Որեւէ տեսանկիւնէ, մենք քանի մը անգամով կը գերազանցենք մեր թշնամիները, որոշ ուղղութիւններով` նոյնիսկ աւելի քան 10 անգամ… Եւ այդ տարբերութիւնը ժամանակի ընթացքին կ՛աւելնայ, քանի որ մենք հեռանկարներ, զարգացման ուղի ունինք», դիտել տուած է Ազրպէյճանի նախագահը:

«Բանակաշինութեան հարցը որեւէ պետութեան ներքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնն է եւ յատկապէս այն պետութիւններուն, որոնք կը գտնուին պատերազմական վիճակի մէջ», յայտնած է ան: Իրենց զինուորական պիւտճէին մասին խօսելով` Ալիեւ յայտնած է. «2003-ին մեր զինուորական պիւտճէն կը կազմէր 163 միլիոն տոլար, անցեալ տարի` 3.6 միլիառ տոլար, իսկ այս տարի` 3.7 միլիառ տոլար: Համեմատութեան համար կրնամ ըսել, որ Հայաստանի ամբողջ պիւտճէն մօտաւորապէս 2 միլիառ տոլար է… Այսինքն, այս բոլորը ցոյց կու տան, որ բանակաշինութիւնը գերակայ խնդիր է, եւ մեր պիւտճէէն տարեկան մեծ գումար կը յատկացուին անոր, ինչ որ բնական է, քանի որ պատերազմը չէ աւարտած, աւարտած է միայն պատերազմի առաջին հանգրուանը, եւ որեւէ պահու մեր բանակը պէտք է պատրաստ ըլլայ որեւէ ուղիով մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման», նշած է ան:

Ապա ան անդրադարձած է Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու զինանոցին եւ նշած, որ անոր համալրման հոլովոյթը պիտի կատարուի տեղական եւ օտար արտադրութիւններով:  Ալիեւ դիտել տուած է, որ վերջին տարիներուն իրենք  ձեռք բերած են զինուորական այնպիսի սարքաւորումներ, որոնք ի զօրու են ոչնչացնելու որեւէ թիրախ:

 

Share this Article
CATEGORIES