Մորթային Հիւանդութիւններ
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Նախապէս խօսած էինք մորթին եւ անոր պարտականութիւններուն մասին: Նկատի ունենալով մորթային հիւանդութիւններուն կարեւորութիւնը, այժմէականութիւնը եւ յաճախականութիւնը` այժմ կ՛ուզեմ ամփոփ ձեւով անդրադառնալ մորթային շարք մը հիւանդութիւներու:
Ա. Համայնական սպիտակամորթութիւն.
Համայնական սպիտակամորթութիւնը ժառանգական, ծինային եւ ընդոծին երեւոյթ մըն է, որ հետեւանք է մորթը գունաւորող նիւթին` մելանինին, թերի եւ պակասաւոր արտադրութեան` մորթին եւ մազերուն մէջ: Մելանինի թերի արտադրութեամբ տեղի կ՛ունենայ մորթի եւ մազերու ենթագունաւորում: Համայնական սպիտակամորթութեան ախտապատճառը հիմնականօրէն մելանին արտադրող բջիջներուն մելանին չարտադրելն է: Այս բջիջները գոյութիւն կ՛ունենան մորթին մէջ, սակայն մելանին չեն արտադրեր:
Համայնական սպիտակամորթութիւնը կը դրսեւորուի երբեմն ակնային ախտանշաններով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` շիլութիւնը, ակնաշարժ, ցանցենիի նուազ գունաւորում եւ տեսողական տկարութիւն: Ակնային ախտանշանները կրնան պատահիլ առանձնաբար:
Համայնական սպիտակամորթութեան ծինային ժառանգութիւնը տեղի կ՛ունենայ թաքուն ձեւով, այսինքն ան կը յայտնուի քանի մը սերունդ մէյ մը: Անիկա հակամէտ է մորթի խլիրդի, երբ անհատը երկար ժամանակով ենթակայ ըլլայ արեւու ճառագայթներուն:
Համայնական սպիտակամորթութիւնը անդարմանելի է: Անոր ակնային ախտանշանները կ՛անհետանան վիրաբուժական գործողութիւններով:
Բ. Տեղայնական սպիտակամորթութիւն.
Տեղայնական սպիտակամորթութիւնը հետեւանքն է մելանին արտադրող բջիջներու բնականէն նուազ գոյութեան եւ կամ կորուստին` մորթի որոշ բաժիններուն մէջ: Մորթի բնական գոյնին կողքին կը տեսնուի ենթագունաւորում` սպիտակամորթութիւն: Տեսնուած է, որ ժողովուրդին 1-2 տոկոսը կ՛ունենայ տեղայնական սպիտակամորթութիւն: Անիկա կը յայտնուի որպէս ժառանգական-ծինային եւ կամ ներմուծեալ-ընկալական ախտ: Ծինային եւ ժառանգական տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը յայտնուի տիրական ձեւով, այսինքն անիկա կը տեսնուի իրերայաջորդ սերունդներու մէջ: Ներմուծեալ տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը յառաջանայ ենթակայ ըլլալով երկար ժամեր արեւու զօրաւոր ճառագայթներուն եւ գերյոյզ ու ճնշիչ կացութիւններու:
Տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը պատահի մարմինի որեւէ մէկ բաժինին վրայ, բայց առաւելաբար` դէմքի, կզակի, ձեռքի, դաստակի, արմուկի, կրծքավանդակի եւ պորտի վրայ:
Տեղայնական սպիտակամորթութեամբ յատկանշուած մորթի մազերը կը կորսնցնեն իրենց բնական գոյնը եւ կ՛ըլլան ճերմակ:
Պզտիկ տարողութեամբ տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը դարմանուի դեղերով, իսկ տարածուն տեղայնական սպիտակամորթութիւնը կը դարմանուի վիրաբուժական միջամտութեամբ` կատարելով մորթային պատուաստում:
Գ. Մորթի գերգունաւորում.
Մորթի գերգունաւորումը հետեւանք է մելանինի առատ արտադրութեան: Անիկա կը յայտնուի երկու ձեւերով` համայնական եւ կեդրոնացեալ: Կեդրոնացեալ գերգունաւորումը կը տեսնուի մորթի որոշ մէկ բաժինին վրայ` վիրաւորումէ, հարուածէ եւ այրուածքէ ետք, իսկ համայնական գերգունաւորումը կը տեսնուի մարմնական որոշ հիւանդութիւններէ ետք եւ կը պատէ ամբողջ մարմինը:
Երեսին վրայ յաճախ տեսնուած թուխ-սրճագոյն գերգունաւորումը կը կոչուի melesma կամ chloasma: Անիկա ընդհանրապէս կը պատահի յղի կիներու մօտ:
Ոսպնաձեւ բիծերը կը տեսնուին ձեռքի եւ դէմքի վրայ: Անոնք տափակ, թուխ գերգունաւորումներ են:
Դ. Կոշտուկ-կոշտաբորբ.
Մորթի կոշտուկը հետեւանք է մորթի եղջերանիւթի (քերաթին) առատ արտադրութեան, որ կը պատահի, երբ մորթը ենթակայ ըլլայ զօրաւոր ճնշումի կամ շփումի: Անիկա առաւելաբար կը պատահի կրունկի, ոտքի եւ ձեռքի մատներուն վրայ:
Կոշտուկը ունի երկու դասակարգում`
ա. Մակերեսային կոշտուկ, որ ընդհարապէս ախտանշաններ չ՛ունենար:
բ. Խորունկ կոշտուկ, որ յաճախ ցաւով կը յատկանշուի:
Ոտքի կոշտուկը կարելի է կանխել հանգստաւէտ կօշիկներ հագնելով:
Անիկա կը դարմանուի քերթելով, որոշ դեղերու գործածութեամբ եւ վիրահատութեամբ:
Ե. Թեփատու որքին.
Այս հիւանդութեան ախտանշանն է` մորթի արծաթագոյն կեղեւաւորում եւ կեղեւաւորուած կարմիր բշտիկներ, որոնք կը տեսնուին մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինին վրայ, բայց առաւելաբար` գլխուն, արմուկին, ծունկին, յետոյքին, առնանդամին եւ անութին վրայ:
Թեփատու որքինը երբեմն կը յատկանշուի քերուըտուքով եւ յօդացաւով: Անոր դարմանամիջոցներն են` corticosteroids դեղեր, հակաքերուըտուքի դեղեր եւ լուսաբուժութիւն:
Զ. Մորթախտ.
Մորթախտը մորթի յաճախակիօրէն տեսնուած հիւանդութիւն մըն է: Անոր ախտանշաններն են` մորթի կարմրութիւն, կեղեւաւորում, բշտիկաւորում եւ ջրուռեցք, ինչպէս նաեւ` քերուըտուք: Անիկա կը պատահի մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինին վրայ:
Մորթախտի ախտապատճառ նկատուած են` մարմինի դիմադրողականութեան նուազումը, որոշ նիւթերու դպչիլը եւ կարգ մը սննդանիւթերու գերզգայնութիւնը, օրինակ` կաթի, հաւկիթի, ցորենի, պիստակի, ձուկի եւ փոշիի գերզգայնութիւն:
Մորթախտի դարմանումը կը կատարուի corticosteroids դեղերով:
Է. Մկնուռախտ (furunculosis).
Մկնուռը (furuncle) կամ մկնոռը ցպկային (պաքթերիական) թարախոտ բշտիկ մըն է, որ կը պատահի ընդհանրապէս վիզին, կուրծքին, դէմքին եւ յետոյքին վրայ: Անոր հիմնական ախտապատճառներն են` մանրէներու կուտակումը մորթին վրայ եւ տաք ու խոնաւ միջավայրը: Յառաջացած մկնոռը կը յատկանշուի ցաւով: Տարեցներ, գէրեր եւ շաքարախտաւորներ հակամէտ են մկնուռախտին:
Մկնոռը կը դարմանուի հակամանրէական (անթիպիոթիք) դեղերով: Յաճախ քանի մը մկնոռներ նոյն վայրին վրայ կը միաձուլուին եւ կը կազմեն մկնոռներու խմբաւորում, որ կը կարօտի վիրահատութեան:
Ը. Թարախոտ մորթացան կամ երիթ (impedigo).
Թարախոտ մորթացանը մորթի տարածուն ցպկային եւ փոխանցիկ վարակ մըն է: Անիկա կը յատկանշուի թարախոտ եւ կեղեւաւորուած կարմրագոյն բշտիկներով, ցաւով եւ քերուըտուքով: Բշտիկները կը տեսնուին առաւելաբար բերանին շուրջը, քիթին եւ անութին վրայ: Անոնք կը թարախոտին եւ շրջան մը ետք կը բացուին ու ապա կը սպիանան 7-15 օրերու ընթացքին: Երիթի թխսաւորման ժամանակամիջոցը 1-10 օր է եւ կը փոխանցուի ուղղակի հպումով ու դիպչելով` վէրքերուն եւ թարախին:
Անիկա առաւելաբար կը պատահի ոչ առողջապահական պայմաններու մէջ ապրող անձերու մօտ:
Թարախոտ մորթացանը կը դարմանուի յատուկ հակամանրէական դեղերով եւ վէրքերը լուալով:
Թ. Եղճատենդ (urticaria).
Եղճատենդը կը յատկանշուի մորթի մակերեսային, վարդագոյն, տարբեր չափերով եւ տեղայնական կամ տարածուն մեղմ ուռեցքներով: Քերուըտուքը մնայուն երեւոյթ է: Անոր ախտապատճառներն են` դեղերու հանդէպ գերզգայնութիւնը, խայթուածքները եւ գրգռութիւնը` ջերմի, ճնշումի եւ արեւու ճառագայթներու նկատմամբ: Եղճատենդը կը դարմանուի հակագերզգայնութեան դեղերով եւ շատ քիչ պարագաներու corticostetroid դեղերով:
Ժ. Սնկային բորբոքումներ.
ա. Candidiasis եւ Moniliasis.
Սնկային այս բորբոքումները կը պատահին մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինին վրայ, առաւելաբար` մորթի ծալքերուն, առնանդամին, անութին, ձեռքին, մատներուն, հեշտոցին եւ բունոցին վրայ, ինչպէս նաեւ` կրծքագեղձերուն տակը եւ եղունգներուն շուրջը:
Անոր ախտանշաններն են` քերուըտուքը, կարմրագոյն պզտիկ վէրքերը եւ բշտիկներով շրջապատուած հաստ եղունգներ: Անիկա կը դարմանուի հակասնկային դեղերով:
Մորթային այս սնկախտերը կրնան ներխուժել մարմինի զանազան բաժինները, մասնաւորաբար` բերան, ուր կը յայտնուին ցաւող սպիտակագոյն բիծեր.
բ. Tinea.
Այս սնկամորթային բորբոքումը ունի զանազան անուանակոչումներ` համաձայն պատահած վայրին:
Դէմքին եւ մօրուքին վրայ յայտնուածը կը կոչուի` tinea barbae:
Գլխուն վրայ յայտնուածը կը կոչուի` tinea capitis:
Մարմնին վրայ յայտնուածը կը կոչուի tinia corporis:
Աճուկի (groin) վրայ յայտնուածը կը կոչուի` tinea cruris:
Ոտքերուն վրայ յայտնուածը կը կոչուի` tinea pedis:
Յատկանշական ախտանշանները մարմինի մակերեսին զանազան բաժիններուն վրայ տեսնուած վարդագոյն-ճերմակ կլորակ բիծերն են: Դարմանումը տեղի կ՛ունենայ հակասնկային դեղերով:
գ. Կոծիծ (wart).
Կոծիծը կարծր, կլորակաձեւ եւ մորթէն դուրս ցցուած ուռեցք մըն է, որ կը յայտնուի մատներուն, արմուկին, ծունկին եւ դէմքին վրայ` առանց որեւէ այլ ախտանշանի: Կոծիծը աւելի տեսնուած երեւոյթ է անչափահասներու մօտ: Ոտքի կոծիծը մասնաւորապէս կրնայ փոխանցիկ ըլլալ: Այս փոխանցումը տեղի կ՛ունենայ բաղնիքներու եւ լոգարաններու մէջ:
Կոծիծը կը դարմանուի հակասնկային դեղերով, այրելով հեղուկ բորոկածինով եւ կամ հատելով:
դ. Ոտքի սնկային բորբոքում
Այս սնկային բորբոքումը կը տեսնուի մասնաւորաբար ոտքի մատներուն միջեւ:
Անիկա կը պատահի առաւելաբար անոնց մօտ, որոնք նեղ կօշիկներ եւ ոչ առողջապահական գուլպաներ կը գործածեն ու խոնաւ կը պահեն ոտքի մատները: Ոտքի սնկախտը կը յատկանշուի քերուըտուքով եւ մորթի հիւծումով: Անիկա կանխարգիլելի է պարզապէս հանգստաւէտ կօշիկներ եւ առողջապահական գուլպաներ գործածելով: Անոր դարմանումը կ՛ըլլայ դարձեալ հակասնկային դեղերով:
ԺԱ. Մորթային ուռեցքներ
Մորթի ուռեցքները կը յայտնուին իբրեւ`
Լաւորակ (benign) ուռեցքներ
Վատորակ (malignant) ուռեցքներ
ա. Մորթի լաւորակ ուռեցքներէն են հետեւեալները.
1. Keloids
Այս ուռեցքները մորթին վրայ նոր աճած բարձրութիւններ են, որոնք կը յառաջանան յաճախ վիրաբուժական գործողութիւններէ ետք մորթին սպիացած տեղը: Անոնք ընդհանրապէս որեւէ ախտանշան չեն ունենար, սակայն կրնան ծաւալիլ, տհաճ տեսք ունենալ ու գեղագիտական հարցեր ստեղծել: Այս ուռեցքները կը դարմանուին վիրաբուժական հատումով:
2. Ճարպուռ-ճարպային ուռեցք (lipoma)
Ճարպուռը կը յառաջանայ մորթի ենթախաւին մէջ գտնուած ճարպային բջիջներէն: Անիկա կը պատահի մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինի մէջ, զանազան չափերով եւ ձեւերով: Անոր միակ ախտանշանը անբնական տեսքն է: Ճարպուռը կը դարմանուի ամբողջական հատումով:
3. Պիսակ կամ ելունդ (mole) եւ բնածին բիծ-խալ Այս ուռեցքները մորթի մակերեսային բնածին գունաւորումներ են, որոնք կը յայտնուին որպէս գունաւոր կարմիր կամ սեւ փշտիկներ, կամ` մորթի տափակ ու գերգունաւորուած տարածութիւններ: Անոնք կը պատահին մարմինի մակերեսին զանազան բաժիններու վրայ` առանց որեւէ ախտանշանի, սակայն անոնք կը ստեղծեն գեղագիտական հարցեր: Այս լաւորակ ուռեցքները հազուադէպօրէն կը վերափոխուին վատորակ ուռեցքներու:
Պիսակները եւ խալերը մեծ հաւանականութիւն ունին վերափոխուելու վատորակ ուռեցքներու, եթէ անոնք ցուցաբերեն հետեւեալ յատկութիւնները. կազմուածքի, մակերեսի, չափի եւ գոյնի փոփոխութիւն, քերուըտուք, ցաւ, խոց (ulcer) եւ արիւնահոսութիւն: Պիսակի եւ խալի դարմանումը կ՛ըլլայ վիրահատումով: Սակայն, նախ քան հատումը, վիրաբոյժը հետազօտական պզտիկ կտորիկ մը կը վերցնէ ուռեցքէն (biopsy for diagnosis)` գիտնալու համար անոր լաւորակ կամ վատորակ ըլլալը:
4. Մորթակտորիկ (skin tag)
Ասիկա ընդհանրապէս ընդոծին է եւ կը տեսնուի մարմինի մակերեսին որեւէ մէկ բաժինին վրայ: Մորթակտորիկը որեւէ անպատեհութիւն չի յառաջացներ` բացի տեսքէն: Անիկա կը դարմանուի վիրահատումով:
բ. Մորթի վատորակ ուռեցք-խլիրդ (cancer)
Մորթի խլիրդին ախտապատճառը հիմնականօրէն արեւու ճառագայթներուն երկարատեւ ենթարկուիլն է: Անոնք, որոնք աշխատանքի պարտադրանքով կամ հաճոյքի սիրոյն երկար ժամեր արեւու ճառագայթներուն ենթակայ կ՛ըլլան, մեծ հաւանականութիւն ունին մորթի խլիրդ զարգացնելու: Սպիտակամորթները աւելի հակամէտ են վատորակ մորթային ուռեցքներ ունենալու: Այս ուռեցքները սկիզբը կը յայտնուին իբրեւ շատ փոքր ուռեցքներ, որոնք արագօրէն կը ծաւալին մորթի գոյնի փոփոխութիւններով:
Մորթի վատորակ խլիրդներէն մէկն է վատորակ սեւայտուցը (malignant melanoma), որ կը յառաջանայ մելանին արտադրող բջիջներէն: Անիկա կը պատահի մորթի մակերեսի որեւէ մէկ բաժինին վրայ, որեւէ տարիքի, առանց սեռի խտրութեան: Այս մէկը վտանգաւոր վատորակ ուռեցք մըն է:
Սեւայտուցը աւելի հաւանականութիւն ունի յայտնուելու այն անհատներուն մօտ, որոնք հետեւեալ տուեալները ունին.
1. Երկար ժամանակ արեւու ճառագայթներուն ենթարկուիլ` առանց մորթի պաշտպանակներու գործածութեան:
2. Մելանին արտադրող բջիջներով հարուստ բնածին բիծերու գոյութիւն:
3. Վատորակ սեւայտուցի գոյութիւնը ընտանիքին մէջ:
Սեւայտուցներուն 50 առ հարիւրը կը պատահի պիսակներու մէջ, իսկ մնացեալը` ուղղակի մելանին արտադրող բջիջներու գերգործունէութեամբ:
Վատորակ սեւայտուցը նախ կը յայտնուի իբրեւ գոց կարմիր կամ սրճագոյն գոյնի մակերեսային կամ խորունկ մորթային պզտիկ ուռեցք մը: Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ անիկա շուտով կը ծաւալի եւ կ՛ունենայ գոյնի, չափի եւ ձեւի փոփոխութիւն եւ կը տարածուի մորթին ներքին խաւերուն մէջ ու մորթէն շատ անդին: Սեւայտուցը կը տարածուի արեան եւ աւշային (lymphatic) անօթներու ճամբով: Անոր ախտաճանաչումը կ՛ըլլայ ուռեցքէն պզտիկ կտորիկ մը վերցնելով եւ հետազօտական քննութեամբ:
Սեւայտուցի դարմանումը կը կարօտի վիրաբուժական վիրահատումի: Վիրաբուժը սեւայտուցի վիրահատումը կը կատարէ ապահով սահմաններով, այսինքն սեւայտուցին հետ միատեղ կը հատէ անոր շուրջը գտնուող առողջ մորթին որոշ մէկ մասը: Տարածուած սեւայտուցը կը դարմանուի վիրահատումով, մօտակայ աւշագեղձերու (lymph nodes) հատումով եւ քիմիական դարմանումով:
ԺԲ. Անօթային (vascular) Ուռեցքներ
ա. Մանկական անօթային ուռեցք (Hemangioma)
Այս ուռեցքները կարմիր-մանիշակագոյն ելականման բարձրացած անօթային ուռեցքներ են, որոնք կը յայտնուին մանուկի կեանքին առաջին տարուան ընթացքին: Մանուկներուն 10 առ հարիւրը կ՛ունենայ այս անօթային ուռեցքները, որոնք կը տեսնուին մարմինին որեւէ մէկ տեղը, առաւելաբար` երեսին վրայ, եւ կ՛ըլլան մակերեսային կամ խորունկ:
Մակերեսային անօթային ուռեցքը կ՛ունենայ փայլուն կարմիր տեսք, իսկ խորունկ անօթայինը` կարմիր-կապոյտ տեսք: Բոլորն ալ կ՛արիւնոտին հարուած-վնասուածքով:
Այս ուռեցքներուն մեծամասնութիւնը կ՛անհետանայ քանի մը տարիներու ընթացքին: Մանկական անօթային ուռեցքներուն դարմանումը տեղի կ՛ունենայ լէյզըր-ճառագաթներու միջոցով եւ corticosteroids-ներու գործածութեամբ:
բ. Սարդանման անօթային ուռեցք (Spider angioma)
Սարդանման անօթային ուռեցքները մակերեսային, կարմիր-փայլուն եւ անօթային շատ բարակ բիծեր են, որոնք կը պատահին մարմինի որեւէ հատուածի վրայ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՛ունենայ սարդանման անօթային տասնեակ ուռեցքներ: Անոնք շատ աւելի կը տեսնուին յղի կիներու մօտ: Սարդանման անօթային ուռեցքները ընդհանրապէս դարմանումի չեն կարօտիր:
Ծիրանացանը հետեւանք է մորթի նրբանօթներու դիւրաբեկութեան: Մորթին վրայ նուազագոյն հարուածի պատճառով, մորթին նրբանօթները շուտով կը վիրաւորուին, կը բացուին եւ արեան քանի մը կաթիլներ մորթին մէջ կը հոսին, ուստի մորթը կը ստանայ կապոյտ գունաւորում: Ծիրանացանը ընդհանրապէս կը տեսնուի սրունքներու, յետոյքի եւ թեւերու վրայ. անիկա կը պատահի առաւելաբար կիներու եւ տարեցներու մօտ:
դ. Ժառանգական նրբանօթային լայնացում (hereditary telangiectasia)
Այս հիւանդութիւնը կը ժառանգուի տիրական ձեւով եւ ախտապատճառը անյայտ է: Տղաք եւ աղջիկներ հաւասարապէս կ՛ազդուին անկէ: Անիկա կը յայտնուի մնայուն, փոքր, լայնցած, կարմիր-մանիշակագոյն նրբանօթներով, որոնք հետեւանքն են նրբանօթներու անբնական կազմաւորման: Այս անբնական նրբանօթները կը տեսնուին ընդհանրապէս դէմքին, շրթունքներուն, քիթին, ձեռքի եւ ոտքի մատներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` բերանին մէջ: Անոնք կրնան արիւնոտիլ նուազագոյն հարուածով: Ժառանգական նրբանօթային լայնացումը կը դարմանուի լազերային ճառագայթներով եւ վիրահատումով:
Մոնթրէալ
(Շար 1)

