Մուրսի Առաջարկած Է Փոխել Եգիպտոսի Սահմանադրութիւնը

Մոհամետ Մուրսի

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի ընդդիմութեան առաջարկած է մասնակից դառնալ երկրին սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու շուրջ խորհրդակցութեան:

Աւելի քան երկուքուկէս ժամ տեւած պատկերասփռուած իր ուղերձին մէջ Մուրսի յայտարարած է, որ կը սպասէ բոլոր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն` սահմանադրական խորհրդակցութեան նախագահը ընտրելու նպատակով: Եգիպտոսի նախագահը նաեւ պատմած է, որ «ազգային հաշտութեան» նպատակով ան մտադիր է ստեղծել կոմիտէ մը, որուն կազմին մէջ պիտի ըլլան ազդեցիկ հանրային գործիչներ, ներառեալ` իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւորականներ:

«Ես ընդդիմութեան կ՛ըսեմ` դէպի փոփոխութիւններ տանող ճամբան ազատ է», ընդգծած է Մուրսի, որուն նախագահութեան մէկ տարին ամբողջացաւ:

Անդրադառնալով իր կողմնակիցներուն եւ հակառակորդներուն, այսօր ու վաղը նախատեսուած ցոյցերուն` Մուրսի կոչ ուղղեց զերծ մնալու բռնութենէն: «Ցոյցերը միջոց են տեսակէտ յայտնելու եւ ոչ թէ զանոնք պարտադրելու», ըսած է Եգիպտոսի նախագահը:

Ան խոստովանած է, որ իր պաշտօնավարման մէկ տարուան ընթացքին սխալներ գործած է, սակայն ատոր համար մեղադրած է փտած պաշտօնատարները, որոնք աշխատած են նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի տարիներուն:

Նշենք, որ եգիպտական ընդդիմութիւնը 30 յունիսին մեծ ցոյցի մը կը պատրաստուի: Մինչ այդ, Եգիպտոսի մէջ արեւմուտքցի երկու դիւանագէտներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ յառաջիկայ շաբաթ Եգիպտոսի մէջ արձանագրուելիք զարգացումներուն նկատմամբ մտահոգութիւն մը գոյութիւն ունի: Եգիպտոսի մէջ Ժողովրդային ճակատի հիմնադիր Համտուն Սուպահի իր կարգին «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ 30 յունիսի ցոյցերուն նպատակը Իսլամ եղբայրներու բռնատիրութեան սանձումն է:

Եգիպտական բանակը փողոցներուն մէջ ուժեր տեղակայեց` առ ի պատրաստութիւն երկրին տարածքին նախատեսուած ցոյցերուն: Զինուորական աղբիւր մը «Մասրի Եոմ» օրաթերթին յայտնեց, որ եգիպտական բանակը հրապարակ իջաւ ոչ թէ Մուրսիի վարչակարգը պաշտպանելու, այլ` եգիպտացի ժողովուրդն ու խաղաղ ցուցարարները:

Share this Article
CATEGORIES