Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախարար Սահնաուիի
Երէկ` հինգշաբթի, 27 յունիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլայի, այցելեց հաղորդակցութեան նախարար Նիքոլա Սահնաուիի:
Ապու Ապտալլայի կ՛ընկերակցէին ֆետերասիոնի փոխնախագահ Վիգէն Չերչեան, գանձապահ Էլի Ֆարհաթ, ֆետերասիոնի անդամներ Էլի Սրապոնեան, Իպրապիմ Տսուքի, ազգային խումբերու տնօրէն Ֆատի Թապեթ, ազգային խումբերու անդամներէն` Ժան Մամօ, ինչպէս նաեւ տղոց պասքեթպոլի մարզիչներ` գլխաւորութեամբ Ղասսան Սարգիսի եւ մարզիկներ:
Այս հանդիպումին ներկայ եղող «ԱԼՖԱ» բջիջային ընկերութեան տնօրէն Մարուան Հայեք յայտարարեց ըսելով, որ սոյն ընկերութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբի գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւններէն մէկը:
CATEGORIES Մարզական


