Իտալիա Կրնայ 8 Միլիառ Եւրօ Կորսնցնել` Եւրոյի Գօտի Մտած Ատեն Ելեւմտական Գաղտնի Գործողութեան Պատճառով
Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իտալիա կրնայ 8 միլիառ եւրօ կորսնցնել Եւրոյի գօտի մուտք գործած ատեն ելեւմտական գաղտնի գործողութեան պատճառով: Այդ գործողութեան շնորհիւ 1999-ին Իտալիա, հակառակ իր ունեցած պարտքերուն, կրցած էր Եւրոյի գօտի մուտք գործել:
Ըստ Իտալիոյ գանձապետարանի գաղտնի զեկուցումին, 90-ականներու վերջաւորութեան Իտալիոյ ելեւմուտքի նախարարութիւնը սեփական դրամատուներէն մինչեւ 31.7 միլիառ տոլարի վարկ ստացած էր` պիւտճէական բացը կրճատելու համար, ինչ որ երկրին թոյլ տուած էր 1999-ին Եւրոյի գօտի մուտք գործել: Հետագային վարկերը վերաձեւակերպուած էին:
Փաստաթուղթը ուսումնասիրած փորձագէտները կը պնդեն, որ պարտքի վերաձեւակերպումը Իտալիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան արտօնած էր ձգձգել արտասահմանեան դրամատուներուն կատարուելիք վճարումները, սակայն որոշ պարագաներու` երկրին համար ոչ այնքան բարենպաստ պայմաններու մէջ: Gazeta.ru կը գրէ, որ ատիկա կրնայ երկրի գանձարանին 8 միլիառ եւրօ արժել:
Newsru.com կայքէջը կը գրէ, որ անցեալ տարի գերմանական «Տեր Շփիկըլ» ամսագիրը գրած էր, որ 1998-ին Գերմանիոյ վարչապետ Հելմութ Քոլ արհամարհած էր այն նախազգուշացումը, որ Իտալիա չի համապատասխաներ Եւրոյի գօտի մտնելու պահանջներուն:

