«Եթէ Մեր Եւ Ամերիկեան Կողմին Միջեւ Համաձայնութիւն Գոյանայ, Հարցերը Յառաջ Պիտի Ընթանան» Ըսաւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մարոքցի իր պաշտօնակից Սաատէտտին Օսմանիի հետ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «մենք արեւմտեան պետութիւններէն աջակցութիւն ստացող սուրիական ընդդիմութենէն լսեցինք, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ներկայ պիտի գտնուին միայն ներկայ վարչակարգին հեռացման պայմանով»:

«Կը շարունակենք կառչած մնալ խորհրդաժողովի գումարման», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ խորհրդաժողովը պէտք է գումարուի Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ իր հանդիպումին արդիւնքին հիմամբ:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարումը կը հակասէ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարման նախաձեռնութեան»` նշելով, որ «ըստ արեւմտեան օրաթերթերու, Սուրիոյ մէջ զինեալներուն զէնքի մատակարարումը շատոնց տեղի կ՛ունենայ»:

«Լիպիայէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը միջազգային օրէնքներու խախտում մըն է, եւ պէտք է ատոր շուրջ հետաքննութիւն կատարուի: Եթէ մեր եւ ամերիկեան կողմին միջեւ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա հարցերը յառաջ պիտի ընթանան», ըսաւ ան` նշելով, որ «շրջանային կարգ մը ուժեր այլ օրակարգեր ունին, Սուրիոյ մէջ կայունութիւն չեն ուզեր եւ Սուրիոյ տագնապին այլ գունաւորումներ կու տան»:

Մարոքի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ «Ռուսիա եւ Մարոք Սուրիոյ տագնապին լուծման, Սուրիոյ միութիւնը պահելու համար ջանք թափելու եւ արտաքին զինուորական միջամտութիւնը մերժելու հասարակաց մօտեցում մը ունին»:

Ան նշեց, որ «մենք կը զօրակցինք ամէն քաղաքական լուծումի, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուան եւ կռիւներու դադրեցում կ՛իրականացնէ»:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ զարգացումները շրջանը աւելի անկայուն կը դարձնեն, եւ վտանգը հիւսիսէն դէպի հարաւ կը տարածուի: Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը զայն տկարացուցած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )