ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Զօր. Աուն եւ նախարար Նահհաս` համախմբումի ժողովին ընթացքին

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պատկանող Թանգարանի  յատուկ կեդրոնին մէջ նախանցեալ օր ծագած բանավէճին եւ բախումին պատճառով երէկ կէսօրէ առաջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ լիբանանեան պետութեան դէմ գործուած յեղաշրջումը:

Ռապիէի մէջ գումարուած նիստէն ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութեամբ կը կատարուի այդ յեղաշրջումը:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ համախմբումին նիստերը բաց պիտի մնան` յոյս յայտնելով, որ մինչեւ կիրակի օր անոնք վերջ գտնեն:

Ան նկատել տուաւ, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան հետ արձանագրուած այս բախումը վտանգաւոր նախընթաց է եւ անիկա կը սպառնայ ամբողջ ընկերութեան ճակատագիրին:

Զօր. Աուն հարց տուաւ, որ արդեօք կարելի՞ է ընդունիլ, որ ընդհանուր տնօրէն մը երկու նախարարի աշխատանքը կասեցնէ եւ անոնց հրահանգին չենթարկուի: Ան աւելցուց, որ պէտք է ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին պաշտօնազրկել եւ զայն փոխանցել զինուորական ատեան:

Զօր. Աուն նաեւ շեշտեց, որ ըստ զինուորական ատեանի օրէնքին ու կանոններուն նախանցեալ օրուան պատահարը ոճիր մըն է եւ յեղաշրջում մը, որոնք անկարգութեան եւ ըմբոստութեան պատճառով արձանագրուած են:

Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահին ստանձնելու այս հարցին լուծումը եւ հարց տուաւ անոր, որ կարելի՞ է ընդունիլ, որ ընդհանուր տնօրէն մը պատճառ դառնայ երկու նախարարի իրաւունքներուն ոտնահարման:

Թանգարանի մէջ գտնուող հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պատկանող կառոյցին մէջ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ոստիկանները մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00 մնայուն ներկայութիւն դարձան` իրենց հակակշիռին տակ պահելով կառոյցն ու անոր սարքերը:

Այս շրջագիծին մէջ, զօր. Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք այդ կառոյցին ոստիկանները կառոյցէն հեռացնելու հրահանգ պիտի չտայ, բացի եթէ անիկա ըլլայ կառավարութեան կողմէ տրուելիք որոշումին համաձայն:

Բայց եւ այնպէս երեկոյեան շուրջ ժամը 7:15-ին տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ոստիկանները հեռացան սոյն կառոյցէն` շէնքը յանձնելով լիբանանեան բանակին, որ իր հակակշիռին տակ առաւ վերջին 48 ժամերուն ընթացքին հանրածանօթ դարձած այս կառոյցը:

Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ պաշտպանութեան գործավար նախարար Էլիաս Մըրի, ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտի, արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժարի եւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի հետ քննարկեց այն միջոցները եւ համապատասխան քայլերը, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ ներքին գործոց նախարարի հրահանգը չգործադրելու հարցը փոխանցել դատական իշխանութիւններուն:

 

Share this Article
CATEGORIES