ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Երեքշաբթի, 31 մայիսին եւ չորեքշաբթի, 1 յունիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2011 տարուան հանդիպումը: Համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին անդամ է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Յանուն վեհափառին սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Հանդիպման ընթացքին պիտի քննուին անցնող տարեշրջանին Հայաստանի թէ Ղարաբաղի առնչուած ծրագիրներու իրագործումը եւ միաժամանակ պիտի ճշդուին յառաջիկայ տարուան ծրագիրները:

 

Share this Article
CATEGORIES