Տար Ֆաթուա Կը Ստանձնէ Պիլալ Պըն Ռապահ Մզկիթը
Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան շաբաթավերջին բանակին եւ կրօնաւորներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթ, ուր հաստատեց, որ Տար Ֆաթուան բանակին կողմէ ստանձնած է Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթը:
Միւֆթի Սուսան շեշտեց, որ Տար Ֆաթուայի կողմէ այս մզկիթին իմամ նշանակուած է շէյխ Մոհամետ Ապու Զէյտ, որ պիտի վերաբանայ մզկիթը եւ հոգայ անոր կարիքները` Սայտայի բոլոր մզկիթներուն նման երկրին նկատմամբ սէր ուսուցանելով Ապրայի բնակիչներուն:
Ան աւելցուց, որ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթը պիտի ըլլայ ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական անվտանգութեան յանձնառու մզկիթ մը:
Միւֆթի Սուսան խստիւ դատապարտեց ծայրայեղութիւնը` շեշտելով, որ ահաբեկիչը անկրօն կ՛ըլլայ, հետեւաբար համայնքի մը կամ յարանուանութեան մը չի պատկանիր:
«Սայտայի մէջ պէտք է իշխէ միայն պետութեան զէնքը, եւ Սայտա կ՛ենթարկուի օրէնքին եւ բանակին, իսկ անոր միակ թշնամին Իսրայէլն է», ըսաւ ան:

