Մամլոյ Ասուլիսին Ընթացքին Ապու Ապտալլա Կը Զգուշացնէ. Լիբանան Կրնայ Կախակայուիլ Միջազգային Բոլոր Մրցաշարքերէն
Շաբաթ, 29 յունիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահը Ռոպեր Ապու Ապտալլա ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով զգուշացման հրաւիրեց երկրին բոլոր պատասխանատուները` մարզական թէ քաղաքական, ըսելով, որ ՖԻՊԱ-էն ստացած է յատուկ նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ եթէ քաղաքական միջամտութիւնները շարունակուին պասքեթպոլին մէջ, Լիբանան կրնայ կախակայուիլ միջազգային բոլոր մրցաշարքերէն (ազգային խումբեր թէ ակումբներ):
Ապտալլա ըսաւ, որ ՖԻՊԱ-ն մինչեւ յառաջիկայ 5 յուլիս պայմանաժամ տուած է Լիբանանի` լուծելու համար իր հարցերը եւ սառեցուած ախոյեանութիւնները շարունակելու, այլապէս կրնայ պատահիլ անսպասելին եւ Լիբանան հանդիսանայ միջազգային գետնի վրայ կախակայուած երկիր մը (պասքեթպոլի մարզին մէջ):
Ան եզրափակեց ըսելով, որ եթէ ասիկա տեղի ունենայ, Լիբանանի անդամակցութիւնը` ՖԻՊԱ-ին, պիտի սառեցուի:


