Միացեալ Նահանգներ Ստանձնեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահութիւնը

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը երէկ Բրիտանիայէն անցած է Միացեալ Նահանգներուն, որոնք մէկ ամիս տեւողութեամբ պիտի գլխաւորեն մարմինը:

Ապահովութեան խորհուրդի յուլիս ամսուան աշխատանքային ծրագիրը պաշտօնապէս պիտի ներկայացուի յառաջիկայ օրերուն:

Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պարտականութիւնները պիտի կատարէ ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչի տեղակալ Ռոզմարի Տիքարլօ:

Մէկ ամսուան ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդի անդամները պէտք է երկարաձգեն խաղաղապահներու չորս առաքելութիւններուն լիազօրութիւնները. ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը` Հարաւային Սուտանի մէջ, ՄԱԿ-ի զինեալ ուժերունը` Կիպրոսի մէջ, ՄԱԿ-ի գործողութիւնները` Փղոսկրեայ ափունքի մէջ, ՄԱԿ-ի եւ Ափրիկեան միութեան միացեալ գործողութիւնը` Տարֆուրի մէջ:

Բացի ատկէ, տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ տագնապին եւ Մալիի մէջ իրավիճակին նուիրուած նիստեր եւ փակ խորհրդակցութիւններ:

Ապահովութեան խորհուրդը բաղկացած է 15 անդամներէ, որոնց հինգը` մնայուն: Այդ երկիրներն են` Բրիտանիան, Չինաստանը, Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը վեթոյի իրաւունք ունի:

Միացեալ Նահանգներէն ետք նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Արժանթինը, սեպտեմբերին` Աւստրալիան, իսկ հոկտեմբերին` Ազրպէյճանը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )