Թուրքիա «Օտար Միլիսներու» Սուրիայէն Հեռացումը Կը Պահանջէ
Թուրքիա յայտարարեց, որ Սուրիոյ 27-ամսեայ տագնապին խաղաղ լուծում մը անկարելի է, եթէ գետնի վրայ գտնուող օտար միլիսները, ներառեալ` Հըզպալլայի մարտիկները չհեռանան երկրէն:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Սուրիոյ վարչակարգը օտար միլիսներու, մասնաւորաբար Հըզպալլայի «առատաձեռն օժանդակութեամբ» հարիւր հազարաւոր բնակչութիւն ունեցող քաղաքները թիրախ կը դարձնէ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ սուրիական վարչակարգը հեռահար հրթիռներու կողքին նաեւ քիմիական զէնքեր կ՛օգտագործէ:
«Անկարելի է, որ տագնապին խաղաղ լուծում մը գոյանայ, առանց յարձակումներու դադրեցման եւ Սուրիայէն օտար միլիսներու հեռացման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Զողպի. «Սէուտցին, Թուրքը, Լիբանանցին
Ու Յորդանանցին Սուրիացիներուն Միջեւ
Երկխօսութեան Մէջ Տեղ Չունին»
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ «Սուրիոյ քաղաքական ղեկավարութիւնը տակաւին կառչած կը մնայ քաղաքական լուծումին, որուն ի նպաստ կոչ ուղղած էր տագնապի սկիզբէն ի վեր, եւ կը կարծէ, որ ազգային երկխօսութիւնը քաղաքական լուծման հիմքն է»:
Ան սուրիական «Սաուրա» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սէուտցին, ծոցի արաբը, թուրքը, լիբանանցին, յորդանանցին կամ ոչ սուրիացին սուրիացիներուն միջեւ ընթացող ազգային երկխօսութեան մէջ որեւէ տեղ չունին»:
«Հիումըն Ռայց Վոչ». «Թուրքիա, Իրաք Եւ
Յորդանան Սուրիացի Գաղթականներու
Մուտքը Կ՛արգիլեն»
Մարդկային իրաւանց «Հիումըն Ռայց Վոչ» կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ, Իրաքի եւ Յորդանանի կոչ ուղղեց սուրիացի գաղթականները բռնի Սուրիա վերադարձնելէ դադրիլ` նշելով, որ այդ երկիրները Սուրիոյ հետ բազմաթիւ սահմանային անցքեր փակած են եւ տասնեակ հազարաւոր անձերու արգելք հանդիսացած` իրենց մօտ ապաստանելէ: «Լիբանան միակ երկիրն է, որ տագնապէն փախուստ տուած սուրիացիներուն հարցով բաց սահմաններու քաղաքականութեան կը հետեւի», ընդգծեց կազմակերպութիւնը:

