Հատտարա Կը Ձերբակալուի Եւ Թրիփոլի Դարձեալ Կը Բորբոքի
Ապահովութեան ուժերը երէկ Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ ձերբակալեցին Ղալի Հատտարան, որ երեւցած է մամուլին սպրդեցուած նախկին երգիչ Ֆատըլ Շաքերին վերաբերող վիտէոյին մէջ:
Յանցագործին ձերբակալումին պատճառով Քըպպէի, Պըհսասի եւ այլ շրջաններու մէջ արձանագրուեցան կրակոցներ, նետուեցան ռումբեր եւ փակուեցան ճամբաներ:
Ուշ գիշերին, Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան բանակին եւ զինեալներուն միջեւ: Բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ, ռումբեր եւ արցունքաբեր կազեր:
Թրիփոլիի մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումներու համաձայն, Հատտարա սուրիական յեղափոխութեան առաջին զօրակիցներէն է. ան երկու անգամ մահափորձի ենթարկուած է Ղովմի կուսակցութեան կողմէ եւ եղած է Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի նախկին իմամ Ահմետ Ասիրի պաշտպանը:
Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակին վրայ Հատտարայի համար գործադրուած զօրակցական ցոյցին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Շատի Մաուլաուին: Նստացոյցին մասնակցեցան հարիւրաւոր զինեալներ, որոնք շրջեցան Թրիփոլիի փողոցներուն մէջ եւ փակել տուին այդ փողոցներուն մէջ գտնուող վաճառատուները:
Անոնք սպառնացին ճամբաները չբանալ մինչեւ Հատտարայի ազատ արձակումը:
Ապահովական աղբիւրներու համաձայն, Հատտարա Քըպպէի Նուսրայի գրասենեակի պատասխանատուն է եւ ուղղակիօրէն կապուած է Ահմետ Ասիրի եւ անոր տրամադրած մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:
Պէտք է նշել, որ գիշերուան ժամը 11:00-ին բանակը իր հակակշիռը բանեցուց Նուր հրապարակին վրայ եւ բացաւ Թրիփոլիի բոլոր փակ ճամբաները:

