«Մեր Ընտրական Համակարգը Հանրաքուէ Կատարել Թոյլ Չի Տար» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան

«Կալլուփ ինթըրնեշընըլ Էսոսիէյշըն»-ի  հրապարակած տուեալներով` հայաստանցիներուն 61 առ հարիւրը դրական կը վերաբերի Եւրասիական մաքսային միութեան հաւանական անդամակցութեան, եւ միայն 4 առ հարիւրը դէմ արտայայտուած է կառոյցին մասնակցելու Հայաստանի կարելիութեան:

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան այս առնչութեամբ 168.am լրատուական կայքէջին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց, որ չի հաւատար «Կալլուփ»-ի կատարած հարցախոյզի արդիւնքներուն, ապա խօսեցաւ Հայաստանին ձեռնտու ուղղուածութեան որդեգրման մասին: Վարդանեան նշեց, որ պէտք է երկու ուղղութեամբ ալ աշխատիլ, մինչեւ այն սահմանը, երբ սեփական անկախութիւնը չի սահմանափակուիր եւ պէտք է աշխատիլ մինչեւ համատեղելի սահման:

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը ընդգծեց, որ վերջնական որոշումը պէտք է հանրաքուէով տրուի: Ըստ անոր, Հայաստանի պարագային հանրաքուէն յարմար տարբերակ չէ: Վարդանեան շեշտեց, որ Հայաստանի մէջ ընտրական համակարգը չի գործեր, Հայաստանի մէջ ընտրութիւններով հարցեր չեն լուծուիր, որովհետեւ արդար ձեւով տեղի չեն ունենար, հետեւաբար, ըստ անոր, նոյնն ալ կը վերաբերի հանրաքուէին: Դաշնակցական պատգամաւորը կողմնակից է գտնելու այնպիսի մեքանիզմներ, որոնք կ՛արտայայտեն հասարակութեան դիրքորոշումը, ոչ թէ կ՛աղաւաղեն զայն:

Վարդանեան շեշտեց, որ ինք վստահ չէ, որ Հայաստանի մէջ բնակչութեան 61 առ հարիւրը կրնայ համակրանք տածել Եւրասիական մաքսային միութեան: Ըստ անոր, հասարակութեան մօտեցումները այս հարցին գծով պէտք է «կէս-կէս» ըլլան: «Յատկապէս նոր սերունդը, որ հսկայական բանակ կը կազմէ, 4 առ հարիւր կազմել չի կրնար: Այս իշխանութեան մթնոլորտին մէջ ես այսպիսի հարցեր չեմ ընդունիր»: Վարդանեան նշեց, որ այս հանգրուանին մէջ Եւրոպական միութիւնը եւ եւրասիական միութիւնը համատեղելի են եւ իրենց տեղեկութիւններով` «բախումներ չկան»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի առջեւ այդ ընտրութեան խնդիրը խիստ չէ՞ դրուած, դաշնակցական պատգամաւորը յիշեցուց նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքերը. «Ինչպէս նախագահը ըսած է, գոնէ յայտարարութեան մակարդակով, մենք կը գործենք ոչ թէ «կամ-կամ», այլ` «եւ-եւ» սկզբունքով, մինչեւ սահման մը: Մենք մեր ինքնութիւնը այնքան պէտք է պահենք, որ մեզի չստիպեն մեր կամքէն անկախ որոշում տալ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )