Աբրահամեան Կ՛անդրադառնայ Նախագահ Սարգսեանի Կատարած Քննարկումին

Յովիկ Աբրահամեան

Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ Ազգային ժողովին մէջ քանի մը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ շաբաթ օրը նախագահ Սերժ Սարգսեանի կատարած քննարկման:

Ան յայտնեց, որ ինք հրաւիրուած էր այդ քննարկման, սակայն չմասնակցեցաւ անոր` երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով: Աբրահամեան յայտարարեց, որ միշտ համամիտ է նախագահի գնահատականին հետ, յետոյ անդրադարձաւ Վերահսկիչ պալատի հաշուետուութեան վերաբերեալ Ազգային ժողովին մէջ իր ելոյթին:

«Ես յայտնած եմ իմ կարծիքս, իմ տպաւորութիւնս` հաշուետուութեան ներկայացման հոլովոյթին վերաբերեալ: Իմ խօսքս բաղկացած էր երկու մասերէ` տպաւորութիւն հաշուետուութեան մասին եւ գնահատական հաշուետուութենէն ետք: Պէտք է թէ՛ առաջին խօսքս նայիք, թէ՛ երկրորդը: Մենք հաշուետուութիւնը ուղարկած ենք ընդհանուր դատախազութեան, որ պիտի քննէ եւ տայ իր եզրակացութիւնը եւ ապա մենք որոշում պիտի տանք», յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահը: Ան անգամ մը եւս կոչ ուղղեց ուշադիր կարդալու իր խօսքերը, ուր շատ յստակ տրուած են գնահատականներ եւ ներկայացուած են միասին արդիւնաւէտ աշխատելու առաջարկներ:

Անդրադառնալով լրագրողներէն մէկուն այն դիտարկման, որ իրեն դժուար օրեր կը սպասեն, քանի որ յառաջիկային նախագահը Ազգային ժողովի մեծամասնութեան հետ խորհրդակցութիւն կը նախատեսէ, Աբրահամեան պատասխանեց, որ ինք համաձայն չէ այդ գնահատականին հետ եւ նշեց, որ անոր վերաբերեալ չի ցանկար կարծիք յայտնել եւ խորհուրդ տուաւ սպասել:

Պատասխանելով «Երկիր»-ի այն դիտարկման, թէ արդեօք ի՞նքն ալ կը կարծէ, որ Վերահսկիչ պալատի նախագահին գլխուն սեւ ամպեր կուտակուած են եւ ան պիտի չշարունակէ երկրորդ ժամկէտով պաշտօնավարել, Աբրահամեան արձագանգեց, որ ինք իրաւունք չունի կարծիքներով ուղղորդուելու: Ան յորդորեց մեղաւորներ կամ այլ հարցեր չփնտռել: Ըստ անոր` պէտք է այնպէս ընել, որ պիւտճէի գումարները արդիւնաւէտ ձեւով ծախսուին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւիրած խորհրդակցութենէն ետք կրկին աշխուժացած են իշխանութեան ներքեւ տարբեր թեւերու գոյութեան մասին խօսակցութիւները: Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձաւ այդ խօսակցութիւններուն, մասնաւորաբար` «իր եւ վարչապետի թեւերուն մասին»:

Ան յայտարարեց, որ այսպիսի թեւեր գոյութիւն չունին իրենց կուսակցութեան, իրենց խումբին մէջ:

Ան անգամ մը եւս անդրադարձաւ Ազգային ժողովին մէջ Վերահսկիչ պալատի հաշուետուութեան վերաբերեալ իր խօսքին, որ ոմանց հիմք տուած էր ըսելու, թէ ասիկա իշխանութեան ներքեւ առկայ թեւերու ապացոյցն է: Աբրահամեան նշեց, որ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ ալ նշած է, որ բոլորն ալ պատասխանատու են թերացումներու, իւրացումներու համար, եւ որ խումբին մէջ չունին որեւէ մէկուն հետ համաձայնութիւն, որ պէտք է տուեալ անձը պաշտօն մը ստանձնէ եւ զբաղի թալանով, իւրացումներով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES