Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարքը Աւարտեցաւ. Պրազիլ Տիրացաւ Տիտղոսին` 3-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնելէ Ետք Աշխարհի Ախոյեան Սպանիան

Երէկ` երկուշաբթի, 1 յուլիսին, աւարտեցաւ միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ 2014-ի Մոնտիալը հիւրընկալող երկրին` Պրազիլի մէջ:

Աւարտական մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ գտնուող Մարաքանայի հանրածանօթ մարզադաշտին վրայ, կատարուեցաւ աւելի քան 73 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Մրցաշարքը հիւրընկալող կազմը` Պրազիլ, հինգերորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին, երբ 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց աշխարհի ախոյեան Սպանիան, որ 29 մրցումէ ի վեր պարտութիւն չէր կրած:

Արդիւնքը Սպանիոյ համար եղաւ վերջին 37 տարիներուն ամէնէն ծանրը` Կալեսէն կրած 3-0 արդիւնքով պարտութենէն ետք (Եւրոպայի ախոյեանութեան զտում):

Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆրետ (2-րդ եւ 47-րդ) եւ Նէյմար (44-րդ):

Սպանիոյ մարզիկներէն Սերճիօ Ռամոս 55-րդ վայրկեանին օրուան հոլանտացի իրաւարար Պիոռն Քուիփերսի կողմէ ի նպաստ իր կազմին տրուած փենալթին չկրցաւ կոլի վերածել, մինչ անոր խմբակից Ժերար Փիքէ 68-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Պարսելոնայի նորեկը` Նէյմար, ընտրուեցաւ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը:

Ինչ կը վերաբերի երրորդ դիրքի մրցումին, Իտալիա փենալթիներով 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ուրուկուէյի: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով: Իտալիոյ կոլերը նշանակեցին Տաւիտ Ասթորի (24-րդ) եւ Ալեսանտրօ Տիամանթի (73-րդ), իսկ Ուրուկուէյի կոլերը` Էրինսոն Քաւանի (58-րդ եւ 78-րդ):

Երբ 120 վայրկեանները աւարտեցան 2-2 արդիւնքով, փենալթիներուն ընթացքին յաղթական դուրս եկաւ բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն, որ զսպեց Ուրուկուէյի հինգ փենալթիներէն երեքը` 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը պարգեւելով իր կազմին:

Նշենք, որ 110-րդ վայրկեանին Իտալիոյ մարզիկներէն Ռիքարտօ Մոնթոլիվօ կարմիր քարտ մը ստացաւ օրուան ալճերիացի իրաւարարէն` Ժամիլ Համմուտիէն:

Ստորեւ` այս մրցաշարքին տիրացողները.

1992` Ռիատ.- Արժանթին – Սէուտական Արաբիա` 3-1
1995` Ռիատ.- Դանիա – Արժանթին` 2-0
1997` Ռիատ.- Պրազիլ – Աւստրալիա` 6-0
1999` Մեքսիքօ.- Մեքսիքա – Պրազիլ` 4-3
2001` Եոքոհամա.- Ֆրանսա – Ճափոն` 1-0
2003` Փարիզ.- Ֆրանսա – Քամերուն` 1-0
2005` Ֆրանքֆորթ.- Պրազիլ – Արժանթին` 4-1
2009` Ճոհանեսպուրկ.- Պրազիլ – Միացեալ Նահանգներ` 3-2
2013` Ռիօ տը Ժանէյրօ.- Պրազիլ – Սպանիա` 3-0

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )