«Այո՛, Բոլորս Ալ Հայ Ենք»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Օտա Թի. Վի.» հեռատեսիլի կայանը արձագանգեց Էսկիշեհիրի մէջ պատահած դէպքի մը, որուն ընթացքին ոստիկան մը ցուցարար համալսարանականները նախատեր է «Ի՞նչ թուրք, դուք բոլորդ ալ հայ էք» ըսելով:
Հեռատեսիլի կայանը այսպէս արտայայտուեցաւ.
Էսկիշեհիրի մէջ ոստիկանները կը յարձակին օրերէ ի վեր ցոյց կատարող համալսարանականներու վրայ ու զանոնք կը հետապնդեն մինչեւ իսկ ետեւի փողոցներուն մէջ: Ժողովուրդը շարունակ կը պոռայ. «Գացէք հոսկէ»:
Իսկ ոստիկանը կը պատասխանէ նախատինքներ տեղացնելով:
Ժողովուրդը կը հարցնէ.
«Դուք թուրք ոստիկան չէ՞ք: Դուք մեր ոստիկանը չէ՞ք»:
Իսկ ոստիկանին պատասխանը շատ թափանցիկ է.
«Դուք թուրք չէք որ, հայ էք: Ձեր բոլորին ալ…»:
Ահա խնդիրը` կարճ տողերով:
Հրանդ Տինքի սպանութեան ո՞վ հետեւած էր, ո՞վ ոճրագործին կռնակը շոյած էր, ո՞վ կազմակերպիչները լրատու դարձուցած էր: Ահաւասիկ այս ոստիկանին ընկերներն էին անոնք:
Մենք ալ հիմա, որպէս «Օտա Թի. Վի.», կը գոչենք հայերը նախատող այդ ոստիկանին. «Այո՛, բոլորս հայ ենք, բոլորս Պէշիկթաշի շուկայ ենք, բոլորս չափուլճու ենք: Բոլորս ալ ճիշդ այն ենք, ինչ որ դուք ամէնէն շատ կ՛ատէք: Բայց մի՛ մոռնաք, որ այս ժողովուրդին մէկ մասնիկն ենք: Իսկ դուն ո՞վ ես»:

