Բարոյականութեան Ուսուցիչներու Սնանկութիւնը
Մ. ԿԵՍԱՐԵԱՆ
Ազգային հերոս ըլլալը կ՛ենթադրէ անհատական կեանքի ազգին համար գրեթէ ամբողջական զոհաբերութիւն: Իսկ միջազգային հերոս դառնալը ա՛լ աւելի դժուար բան է: Իր ամբողջ կեանքն ու ապագան զոհաբերելու արարք եղաւ Էտուըրտ Սնոուտընի համարձակ ըմբոստութիւնը, որ խնդրոյ առարկայ դարձուց մեր ժամանակներու ամէնէն հզօր պետութեան` Միացեալ Նահանգներու քաղաքական բարոյականութիւնը:
Սնոուտըն միջազգային ընտանիքին փոխանցեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական գաղտնի սպասարկութիւնները երկար ատենէ ի վեր տիեզերական տարողութեամբ ու անդադար կը լրտեսեն կազմակերպութիւններու, միութիւններու, անհատներու միջեւ բոլոր տեսակի հաղորդակցական յարաբերութիւնները: Այդ գործողութեան ենթարկուողներուն մէջ կ՛իյնան թէ՛ հակառակորդ, թէ՛ բարեկամ, թէ ալ դաշնակից պետութիւններն ու իրենց քաղաքացիները: Միացեալ Նահանգներու ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր է վերջապէս. այդ վեհ նպատակին համար ի՞նչ արժէք ունին օրէնքները, դիւանագիտական վարուելակերպի դարաւոր աւանդութիւնը: Ի՞նչ արժէք ունին այն … արժէքները, որ դեռ երէկ կը շեփորուէին ու այսօր ուրիշներէն կը պահանջուին շատ անգամ զէնքի ուժով. մարդկային իրաւունքներ, բոլորին համար հաւասար պատեհութիւններու սկզբունք, միջազգային օրէնք: Հիմա՛ միայն կարելի է լրիւ ըմբռնել նախորդ դարու 90-ական թուականներու «համացանցային մայրուղիներ»-ը միլիառներու ծախսով ստեղծելու եւ ամբողջութեամբ ու բացառաբար ամերիկեան հակակշիռի տակ պահելու քլինթընեան մարդասիրական քաղաքականութիւնը: «Երկրային գիւղ»-ի ստեղծումով պիտի զարգանային կրթութիւնն ու գիտութիւնը, պիտի անհետանար աղքատութիւնը, պիտի տարածուէր ժողովրդավարութիւնը: Ամէն մարդ պիտի յագենար տեղեկութիւններով. հիմա կը տեսնենք, որ ոմանք աւելի տեղեակ կ՛ըլլան, քան` բոլոր մնացեալները միասին: Ընդվզումը ամէնուրեք մեծ է:
Այս է պատճառը, որ Սնոուտըն անյայտութենէն մէկ օրէն միւսը տիրացաւ միջազգային հերոսի համբաւին: Չէր կրնար տարբեր ըլլալ, որովհետեւ ան առանձին ձեռնոց նետեց իր երկրի ամենակալ իշխանութիւններուն: Հերոս, որովհետեւ բոլոր հերոսներուն նման ան հալածեալը դարձաւ իրմէ անհամեմատ աւելի ուժեղ մարդոց ու կառոյցներու եւ հերոս, որովհետեւ ան բոլորին սեփականութիւնը դարձուց միջազգային քաղաքական բարոյականութեան ամէնէն պերճախօս դասախօսներուն միջազգային կեղծիքը` քաջ գիտնալով իր այս արարքին իր անձին վերաբերող բոլոր ժխտական հետեւանքները:
Կ՛ըսուի, թէ քաղաքականութիւնը մարդկային կեանքի ամէնէն աղտոտ բնագաւառներէն մէկն է: Ասիկա համամարդկային ժամանակակից կեանքի իրականութիւնը հանդիսանալով հանդերձ`բացարձակ ճշմարտութիւն մը չէ: Քաղաքականութիւնն ու քաղաքական յարաբերութիւնները կ՛ըլլան աղտոտ, երբ անոնք կը վստահուին աղտոտ ձեռքերու. երբ կայ գործող, որ աղտոտ է, եւ բացակայ, թոյլատու կամ նոյնքան աղտոտ է հակակշռողը. երբ հիմնական տուժողները` հասարակութիւնները իրենք զիրենք նետած են հաճելի անտարբերութեան գիրկը:
Ժամանակն է զգաստանալու, որովհետեւ ժողովրդավարութեան վահանի շահագործումով ժողովուրդներու վերաստրկացման նոր դարաշրջանը ատենէ մը ի վեր մուտք գործած ենք արդէն:

