Համաձայնութիւն Չգոյանալու Պարագային. Եգիպտական Բանակը Կը Սպառնայ Այսօր Սահմանադրութիւնը Առկախել Եւ Իշխանութիւնը Յանձնել Նախագահական Խորհուրդին

Երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին վերջ գտաւ եգիպտական ընդդիմութեան կողմէ ճշդուած պայմանաժամը, որմէ ետք Եգիպտոսի ամբողջ տարածքին ընթացք առին ցոյցեր, որոնց մասնակցողներուն թիւը աննախադէպ էր: Իսլամ եղբայրները իրենց կարգին այլ հրապարակներու վրայ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի զօրակցող ցոյցեր կատարեցին: Երկու կողմերուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ: Ցոյցերուն զուգահեռ ընթացք առաւ բանակցութեան հոլովոյթ մը:

Բանակային աղբիւրներ երէկ գիշեր «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեցին, որ Եգիպտոսի զինեալ ուժերը ճամբու քարտէսի մը ծիրին մէջ պիտի առկախեն սահմանադրութիւնը եւ շուրայի խորհուրդը լուծարեն, եթէ Մուրսի եւ իր ընդդիմախօսները, մինչեւ բանակին կողմէ ճշդուած 48 ժամնոց պայմանաժամին աւարտը համաձայնութիւն չգոյացնեն` աւելցնելով, որ բանակը իշխանութիւնը պիտի յանձնէ նախագահական խորհուրդի մը:

Նշենք, որ բանակին կողմէ ճշդուած պայմանաժամը կ՛աւարտի այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:

Մուրսի Կը Մերժէ Բանակին
Հաղորդագրութիւնը

Եգիպտոսի նախագահութիւնը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի կը մերժէ եգիպտական բանակին հաղորդագրութիւնը, որ զինք կը զգուշացնէ, որ պիտի միջամտէ, եթէ ժողովուրդին պահանջները չիրագործուին: Նախագահութիւնը կը շեշտէ, որ «Եգիպտոս իր ամբողջ ուժով արգելք պիտի հանդիսանայ որեւէ պայմանի տակ ( դէպի 25 յունուարի յեղափոխութենէն առաջուան կացութիւն) ետդարձին»:

Նշենք, որ Իսլամ եղբայրները եւս երկուշաբթի օր մերժած էին բանակի հաղորդագրութիւնը:

Սակայն բանակի սպայակոյտի նախկին պետ եւ Մուրսիի զինուորական հարցերով հրաժարեալ խորհրդական Սամի Անան յայտնեց, որ «զինեալ ուժերու հաղորդագրութիւնը յստակ է եւ մեկնաբանութեան պէտք չունի»` աւելցնելով, որ «եգիպտացի ժողովուրդը իր խօսքը ըսաւ, ուստի բոլորը ատոր ականջ պէտք է տան եւ զայն գործադրեն»:

ՕպամաՄուրսի Հեռաձայնային
Հաղորդակցութիւն

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ` անոր փոխանցելու համար վերջինիս վարչակարգին դէմ զանգուածային բողոքի ցոյցերուն նկատմամբ իր մտահոգութիւնը եւ զինք քաջալերելու, որ ընդառաջէ ցուցարարներու պահանջներուն:

Սպիտակ տունը յայտնեց, որ Օպամա Մուրսիի յայտնած է, որ «Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Եգիպտոսի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթին եւ որեւէ կուսակցութեան կամ խմբակի չեն աջակցիր»` աւելցնելով, որ Օպամա Մուրսին քաջալերած է որդեգրելու քայլեր, որոնք ցուցարարներուն յստակ կը դարձնեն, թէ իրենց պահանջներուն կ՛ընդառաջէ` հաստատելով, որ ներկայ տագնապը միայն քաղաքական հոլովոյթի մը ճամբով կը լուծուի:

Եգիպտական նախագահութիւնը իր կարգին երէկ առաւօտ յայտարարեց, որ Մուրսի Օպամային յայտնած է, որ Եգիպտոս կը շարունակէ «սահմանադրութեան եւ օրէնքին վրայ հիմնուած ժողովրդավարական խաղաղ փոխանցման հոլովոյթը», իսկ Օպամա Մուրսիին շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցարարները պաշտպանելուն համար:

Մինչ այդ, Փենթակոնէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ Մարթին Տեմփսի երկուշաբթի առաւօտեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է եգիպտացի իր պաշտօնակից զօր. Սուտքի Սուհիի հետ: Փենթակոնի բանբեր Ճորճ Լիթըլ երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ նախարարութիւնը եգիպտական բանակին Եգիպտոսի քաղաքական տագնապին լուծման համար 48 ժամ ճշդող հաղորդագրութիւնը կը սերտէ` աւելցնելով, որ «կարելի չէ նախատեսել, թէ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ»: Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Վենթրել յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ Մուրսին Եգիպտոսի ընտրեալ նախագահը նկատել` աւելցնելով, որ իր երկիրը մօտէն կը հետեւի Եգիպտոսի զարգացումներուն եւ բոլոր կողմերուն ու բանակին հետ շարունակական կապի մէջ է:

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի, Օպամա եգիպտական բանակը զգուշացուցած է իշխանութեան դէմ յեղաշրջում կատարելէ, իսկ Մուրսիի քաջալերած է կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )