Միտըլսեքսի Շրջանի Հայ Ոստիկանապետը Թեկնածու` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Թափուր Աթոռին

Փիթըր Քութուճեան

Tert.am կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Միտըլսեքս շրջանի հայ ոստիկանապետ, քաղաքական գործիչ Փիթըր Քութուճեան իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան թափուր աթոռի լրացուցիչ ընտրութիւններուն:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդած են, որ Քութուճեան պիտի մասնակցի Մասաչուսեցի 5-րդ ընտրատարածքի քոնկրեսական աթոռին շուրջ պայքարին. այդ տեղը թափուր է յունիս 2013-ի վերջաւորութենէն, երբ քոնկրեսական Էտուըրտ Մարքէյ յաղթանակ արձանագրեց Ճոն Քերրիի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար նշանակումով Քոնկրեսի վերին պալատի` Ծերակոյտի թափուր մնացած աթոռին համար ընտրութիւններուն ընթացքին:

1961-ի ծնունդ Քութուճեան իր նախընտրական քարոզարշաւին սկիզբը յայտարարած է երկուշաբթի օր` շուրջ չորս վայրկեան տեւողութեամբ տեսանիւթով մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ իր հայկական արմատներուն: Ան նշած է, որ իր հօր հայրն ու մայրը Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն տեղափոխուած են Թուրքիայէն, իսկ մօր կողմի ազգականները` Իրլանտայէն: «Ծնողներս մէջս սերմանած են մարդոց օգնելու, անոնց կեանքը դէպի լաւ փոխելու ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը», կը նշէ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES