ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ՔԱՍԻՄԻԻ ԵՒ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՊՏԱԼԼԱՅԻ
Ասիոյ եւ Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոններու նախագահ եւ Միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամ Ֆայսալ Պըն Համիտ Քասիմի, նախորդ շաբաթավերջին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի այլ անդամներուն, այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան գործավար նախարար Ալի Հիւսէյն Ապտալլայի:
Այս հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ, թէ ի՛նչ ձեւով նախարարութիւնը պէտք է զօրավիգ կանգնի Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին` նկատի ունենալով, որ 2012-ին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը («Մաութըն Պայք»):
Քասիմի այժմ կը գտնուի Լիբանան եւ կը նախագահէ Արաբական հեծելարշաւի համագումարին, որ տեղի կ՛ունենայ Պրումմանայի «Փրենթանիա» պանդոկին մէջ:
Հանդիպումին աւարտին Քասիմի յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց գործավար նախարար Ապտալլայի: