Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Գործնական աշխատանք ցուցաբերեցէք, ձեռնածալ մնալը անիմաստ է: Առիթը յարմար է յառաջդիմելու միայն աշխատանքով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր դրամին շատ ուշադիր եղէք, այն գումարը, որ ունիք ձեր քով, եւ այն միւսը, որ պահած էք սեւ օրերու համար: Խնայասէր եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ձեր ինքնավստահութիւնը պակսած է, ուշադիր եղէք, որովհետեւ ուրիշներ կրնան օգտուիլ ատկէ: Ամուր մնացէք ձեր դիրքին վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան, մանաւանդ` արձակուրդի օրերուն: Սնունդի եւ քունի կարեւորութիւն տուէք: Գիտցէք ձեր կերածն ու խմածը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պէտք է լրջօրէն մտածէք, թէ ինչ կրնաք ընել առանց բարեկամի, առանց նկատի առնելու բարեկամը: Անկախ եղէք միշտ, պահեցէք ձեր ինքնութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գործի մէջ ձեր գործակիցները ձեր բարեկամները մի՛ նկատէք: Աշխատանքը ուրիշ է, բարեկամութիւնը` ուրիշ: Իմաստուն եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ճամբորդութեան մէջ էք, ուշադիր եղէք ձեր ծախսերուն: Զգացումը այլ թելադրանք կ՛ունենայ, բայց դուք եղէք իմաստուն` դրամը պահելու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Երբեմն սխալ մտածում մը կ՛ունենաք, թէ ձեր ապագան փայլուն չէ: Ո՛չ, նման մտածումներ հովին հետ կ՛անցնին, յոռետեսութիւն է պարզապէս:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ունիք նիւթականի վերաբերեալ գործառնութիւն, կալուածային գնում եւ այլն, այսօր օրը յարմար չէ, մնացէք հանդարտ, ուշադիր:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հեռու մնացէք կիզիչ արեւին տակ մնալէ: Ուշադիր եղէք, որպէսզի արեւահար չըլլաք: Մանաւանդ ծովափին նախատեսեցէք ձեր հագուածքին կերպը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընտանիքին հետ ձեր ունեցած սիրալիր կապը պիտի շարունակուի: Սիրոյ զգացումը պիտի տիրապետէ ձեր հոգեկան աշխարհին: Ունիք հանդիպում մը` ընկերային գետնի վրայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կ՛ուզէք ծանօթանալ եւ ճանչցուիլ: Այս նպատակով դուք ձեզ մի՛ ստորնացնէք, խնդրողի դիրքէն հեռու մնացէք, ամէն ինչ բնական թող ըլլայ:

