Իրան Ռուսիոյ Կ՛առաջարկէ Հիւլէական Նոր Կայաններ Կառուցել

Ահմատինեժատ եւ Փութին

vesti.ru կայքէջը կը գրէ, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Քրեմլինի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է Ռուսիոյ օգնութեամբ հիւլէական նոր կայաններ կառուցելու:

Ահմատինեժատ Փութինին դիմելով յայտնած է, որ «մենք կրնանք խորացնել մեր համագործակցութիւնը եւ կառուցել հիւլէական նոր կայաններ: Նախնական բանակցութիւնները արդէն կատարուած են, անհրաժեշտ են միայն ձերդ գերազանցութեան հրահանգները, որպէսզի գործնական քայլերու իրականացումը սկսի»:

Իրանի նախագահը յատկապէս ընդգծած է հիւլէական ուժանիւթի մարզին մէջ Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ան նաեւ նշած է, որ անհրաժեշտ է տնտեսական համագործակցութեան մակարդակը հասցնել կարելի եղածին չափ առաւելագոյն մակարդակի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES