«Ռուսիա Մեծ Տէրութեանց Հետ Սուրիոյ Շուրջ Պայքար Չի Մղեր» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ռազմավարական նպատակներ չունի եւ այդտեղ այլ մեծ տէրութեանց դէմ չի պայքարիր, այլ` կը ջանայ հասնիլ քաղաքական խաղաղ լուծումի մը, որ կը գոհացնէ իրարու հակադրուած սուրիական բոլոր կողմերը:

Ան ալճերիական «Խապար» օրաթերթին յայտնեց, որ «այդ կէտէն մեկնելով` մենք սուրիական ներքին տագնապին չենք միջամտեր եւ սուրիացիներու երկու հատուած չենք նկատեր` մեզի հետ եղողները կամ միւսները, միւս կողմէ` բացայայտ եւ առանց նախապայմաններու կը դատապարտենք ահաբեկչական եւ ծայրայեղական արարքներն ու բռնարարքները, որոնք քաղաքացիները թիրախ կը դարձնեն, մանաւանդ կրօնական եւ յարանուանական ատելութեան ենթահողի վրայ կատարուած ոճիրները»:

Լաւրով յայտնեց, որ ընդդիմադիր զինեալներուն զէնք մատակարարելը սխալ է, որովհետեւ այդ քայլը Սուրիոյ խաղաղութիւն չի բերեր, ընդհակառակն` սուրիացի ժողովուրդին համար արիւնահեղութիւն եւ շրջանին մէջ կացութեան վտանգաւոր անկում կը նշանակէ:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը հաւանական նկատեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերականգնման եւ բնականոն կեանքի վերադարձի իսկական առիթ մըն է: «Հարցը դժուար է, սակայն անկարելի չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «այն, ինչ որ պէտք է ընել, խօսքէն գործի անցնիլն է»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )