Պաապտայի Մէջ. Լիբանանեան-Պաղեստինեան Վեհաժողովը Կը Հաստատէ Պաղեստինեան Գաղթակայաններուն Կողմէ Միջլիբանանեան Հարցերուն Չմիջամտելու Կարեւորութիւնը

Պաշտօնական դիմաւորումէն պահ մը

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան` հաստատելու համար պաղեստինցի գաղթականներուն եւ գաղթակայաններուն չէզոք կեցուածքը` միջլիբանանեան հարցերուն եւ բախումներուն առումով, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու համար երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Պաապտայի մէջ պաշտօնապէս դիմաւորեց Ապպասը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք նախագահ Սլէյման եւ Ապպաս ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որմէ ետք անոնց միացան լիբանանեան ու պաղեստինեան պատուիրակութիւնները եւ տեղի ունեցաւ ընդարձակ հանդիպում:

Հանդիպումէն ետք նախագահներ Սլէյման եւ Ապպաս միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցին իրենց կատարած քննարկումներուն արդիւնքները:

Ապպաս եւ Սլէյման` միացեալ մամլոյ ասուլիսին պահուն

Նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց պաղեստինեան ջանքերը` Սայտայի դէպքերուն ընթացքին պաղեստինեան միջամտութիւնը արգիլելու իմաստով:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել միջլիբանանեան հարցերուն մէջ պաղեստինեան միջամտութիւնները արգիլելու առումով:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ միջազգային ամպիոններուն վրայ զօրակցիլ պաղեստինեան հարցին լուծման, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ հոգալ պաղեստինցի գաղթականներուն կարիքները:

Իր կարգին, Ապպաս ընդգծեց, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գտնուող զէնքին որոշումը կը պատկանի լիբանանեան պետութեան, հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան:

Ապպաս հաստատեց, որ պաղեստինցի գաղթականները կ՛ենթարկուին լիբանանեան պետութեան` աւելցնելով, որ պաղեստինցիները յանձնառու են Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ Մահմուտ Ապպասի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան ի պատիւ ընթրիք մը սարքուեցաւ:

Նախքան ընթրիքը, հանրապետութեան նախագահը դարձեալ ընդունեց Մահմուտ Ապպասը. հանդիպումին միացան նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:

Ընթրիքին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ անհրաժեշտ է հեռու մնալ լարուածութեան լեզուէն եւ զօրակցիլ պետական հաստատութիւններուն, որոնցմէ գլխաւորն է լիբանանեան բանակը` արժեւորելով անոր զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալով «Պաապտայի յայտարարութեան»:

«Սուրիոյ դէպքերը կը մտահոգեն մեզ, հետեւաբար ոչ ոք թող մեղադրէ մեզի, եթէ փորձենք պաշտպանել մեր ապահովական կայունութիւնը կամ մերժենք մեր երկրին վրայ յարձակումները», ըսաւ նախագահ Սլէյման` շեշտելով, որ լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւնները կ՛ենթադրեն, որ պաղեստինցիները յարգեն լիբանանեան տեսակէտն ու օրէնքները եւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրեն:

Միւս կողմէ, Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ներկայութիւնը ժամանակաւոր ներկայութիւն է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը եւ Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ապահովութիւնը կը վստահին երկրին կառավարութեան:

Ապպաս հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինի մը ստեղծման եւ անշեղ կը մնան արդար ու ամբողջական խաղաղութեան ընտրանքէն:

Ապպաս այսօր պիտի շարունակէ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ պետական ու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ իր հանդիպումները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )