Հուփս Պատուեց Տղոց Եւ Աղջկանց Պասքեթպոլի Իր Խումբերը
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Հուփս ակումբը պատուեց իր տղոց եւ աղջկանց պասքեթպոլի խումբերը, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:
Ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ շնորհաւորեց ակումբին երկսեռ մարզիկներուն արձանագրած բոլոր արդիւնքները:
Աւարտին ան յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց մարզիկներուն, մարզիչներուն, ինչպէս նաեւ Ժերար Հատիտեանի, Ալպեր Զէյնունի եւ Ֆարիտ Ապու Ժաուտէի, որոնք Հուփսի պասքեթպոլի աքատեմիայէն շրջանաւարտ եղած էին:
CATEGORIES Մարզական

