ԱԲԽԱԶԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԱՀԱՑԱՒ

Ռուսական «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ նախագահ Սերկէյ Պաղափշ Մոսկուայի մէջ մահացած է: 62-ամեայ Պաղափշ մահացած է 29 մայիսի կանուխ առաւօտուն` Մոսկուայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ:

Ան 21 մայիսին այդ նոյն հիւանդանոցին մէջ թոքերու առնչուած հիւանդութեան մը վիրահատութեան ենթարկուած էր: Վիրահատութիւնը աւելի քան 3 ժամ տեւած էր եւ յաջող աւարտած էր: Սակայն 23 մայիսի երեկոյեան անոր առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած էր եւ ան վերակենդանացման բաժին փոխադրուած էր:

Ան 2005-էն ի վեր կը վարէր Աբխազիոյ նախագահի պաշտօնը:

 

Share this Article
CATEGORIES