Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Շահէ Տէր Յարութիւնեանի «Երազային Հայաստան» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ  հովանաւորութեամբ լիբանանահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանի, երէկ` հինգշաբթի, 4 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ Շահէ Տէր Յարութիւնեանի «Երազային Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ մեծ թիւով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու:

Բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Գալեմքերեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի հետ Շահէ Տէր Յարութիւնեանի գործակցութիւնը ունի արդէն հարուստ կենսափորձ եւ Համազգայինի գրատան մէջ արուեստագէտին ստեղծագործական աշխարհի նմուշները միշտ ալ ներկայութիւն են եւ այդ ճամբով նաեւ կը հասնին արտասահմանի գրեթէ բոլոր երկիրները: Ան Համազգայինի ցուցասրահին անունով յարատեւ վերելք մաղթեց Շահէ Տէր Յարութիւնեանին,  որուն հոգիին եւ սրտին մէջ հայրենիքը` իր կախարդական բնութեամբ, իր մշակութային արժէքներով ու հայ մարդը` իր առաքինութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ տիրական ներկայութիւն են:

Մարալ Գալեմքերեան

Շահէ Տէր Յարութիւնեան

 

 

 

 

 

 

 

 

Գալեմքերեան շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւորութիւնը ստանձնած արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեանին, որ իր տարիներու ծառայութեամբ մասնակից դարձած է այս գաղութի մշակութային կեանքի վերելքին ու ծաղկումին  եւ բարեսիրտ նկարագիրով միշտ ալ պատրաստակամ գտնուած է ամոքելու հայ մարդու ցաւն ու տառապանքը եւ իր ստեղծագործութիւնները յաճախ ի սպաս դրած է այս առաքելութեան:

Ռոզվարդ Սիսեռեան

Ապա խօսք առաւ արուեստագէտը, որ յայտնեց, թէ այս ցուցահանդէսին պատրաստութեան համար ներդրած է իր ներաշխարհէն  կարեւոր մաս մը եւ այսօր լեցուած է ուրախութեամբ ու գոհունակութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի ցուցասրահին ընձեռած այս առիթին համար:

Վերջաւորութեան խօսք առաւ նաեւ Ռոզվարդ Սիսեռեան, որ յայտնեց,  թէ արուեստի որեւէ արտայայտութիւն մեծ երկունքի արդիւնք է: Մենք պարզապէս կը դիտենք ստեղծագործութիւնը, բայց պէտք է գիտակցինք, որ հոն արուեստագէտը ներդրած է մտածումներու եւ ապրումներու մեծ աշխարհ մը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 15 յուլիս, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )