Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Նոր Երկաթուղի Մը Կեդրոնական Ասիան, Չինաստանն Ու Եւրոպան Իրարու Պիտի Կապէ

Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Պաքուի մէջ Թրքախօս երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու փոխադրամիջոցներու նախարարներու առաջին հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս նոր երկաթուղին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի երկաթուղիներու համակարգը իրարու պիտի կապէ եւ Չինաստանէն եւ Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Եւրոպա ապրանքներու փոխադրութիւնը պիտի դիւրացնէ:

«Այս ծրագիրը շատ կարեւոր է ոչ միայն մեր երկիրներուն, այլ նաեւ Ասիայէն դէպի Եւրոպա ապրանքներու փոխադրութեան համար», ըսաւ Եըլտըրմ:

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս ծրագիրի ծիրին մէջ կը նախատեսուի 105 քիլոմեթր երկարութեամբ նոր գիծի մը կառուցումը: Երկաթուղիի Ախալքալաք-Մարապտա-Թիֆլիս բաժինը պիտի վերակառուցուի, որպէսզի անոր ապրանքատարութեան կարողութիւնը բարձրանայ տարեկան 15 միլիոն թոնի:

Կը նախատեսուի, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին ճամբով 30 միլիոն թոն ապրանք ուղղակի Եւրոպա փոխանցուի:

Կը նախատեսուի, որ ծրագիրի աշխատանքները ամբողջանան 2014-ին:

 

Share this Article
CATEGORIES