Ատլի Մանսուր Եգիպտոսի Ժամանակաւոր Նախագահ
Եգիպտոսի Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Ատլի Մահմուտ Մանսուր երէկ կատարեց իր նախագահական երդումը: Մէկ օր առաջ եգիպտական բանակը նախագահ Մոհամետ Մուրսին պաշտօնէն հեռացուցած էր եւ առած տնային կալանքի տակ: Բանակը յայտնեց, որ Մուրսի «ժողովուրդին պահանջները չգոհացուց»:
Մանսուր յայտարարեց, որ նոր ընտրութիւնները յառաջընթացի «միակ միջոցն են»:
Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ երկրին տարածքին նախանցեալ գիշեր Մուրսիի հակառակորդներուն եւ համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով առնուազն 10 զոհ արձանագրուած է: Կիրակի օր սկսած զանգուածային ցոյցերուն սկիզբէն ի վեր 52 զոհ եւ 2619 վիրաւոր արձանագրուած է:
Եգիպտացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Իսլամ եղբայրներու գերագոյն ղեկավար Մոհամետ Պատի Գահիրէէն արեւելք գտնուող Մարսա Մաթրուհ քաղաքին մէջ ձերբակալուած է: Անիկա իսլամական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութեանց վերջին պարագան է:
Մուրսի եւ Իսլամ եղբայրները արգելափակուած են Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի գտնուած բանտին մէջ:
Եգիպտոսի սակարանի նախագահ Աթեֆ Եասին յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ քաղաքական զարգացումները կրնան դրական ազդեցութիւն ունենալ ելեւմուտքի շուկային վրայ:
Մինչ այդ, արաբական երկիրներու ղեկավարներ շնորհաւորեցին Մանսուրը եւ «եգիպտացի ժողովուրդին ձեռքբերումը»: Անոնց շարքին են Սէուտական Արաբիոյ եւ Յորդանանի թագաւորները, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարը, Քաթարի նոր իշխանը եւ արտաքին գործոց նախարարը: Արաբական լիկան եգիպտացի ժողովուրդը շնորհաւորեց իր պատմական ձեռքբերումին համար:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եգիպտական բանակին կողմէ կատարուած յեղաշրջումին առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնեց, սակայն զայն չդատապարտեց: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Մուրսին տապալելու եւ սահմանադրութիւնը սառեցնելու բանակին քայլին նկատմամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց եւ կոչ ուղղեց «շուտով քաղաքացիական ընտրովի իշխանութեան վերադառնալու»:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ Մուրսիի տապալումը ժողովրդավարութեան հասած մեծ հարուած մըն է: ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն Եգիպտոսի զարգացումներուն նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց:
Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը` Ազատութիւն եւ Արդարութիւն կուսակցութիւնը մերժեց այն, ինչ որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցաւ եւ յայտնեց, որ ներկայ վարչակազմին հետ պիտի չգործակցի:

