«Կը Մերժենք Միջամտել Միջլիբանանեան Հարցերուն Եւ Կ՛ենթարկուինք Լիբանանեան Օրէնքին» Շեշտեց Մահմուտ Ապպաս

Ապպաս եւ Պըրրի

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Այն Թինէի մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ապպասը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան հարցին վերաբերող զարգացումներ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ապպաս շեշտեց, որ պաղեստինցի գաղթականները Լիբանանի մէջ հիւրեր են եւ կ՛ենթարկուին լիբանանեան կարգ ու կանոնին:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն լիբանանեան ներքին հարցերուն եւ միջլիբանանեան խնդիրներուն միջամտել:

Իր կարգին, Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի եւ յատկապէս Սայտայի մէջ արձանագրուած վերջին ցաւալի դէպքերուն ընթացքին պաղեստինեան կեցուածքն ու դերակատարութիւնը:

Պըրրի վերահաստատեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի պաղեստինեան հարցին լուծման:

Վարչապետարանին Մէջ

Ապպաս եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ապպասը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Մահմուտ Ապպաս հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականները զէնքի կարիք չունին, որովհետեւ անոնք կը գտնուին լիբանանեան բանակին եւ կառավարութեան պաշտպանութեան ներքեւ:

Իր կարգին, Միքաթի դրուատեց լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւնները` ողջունելով պաղեստինեան գաղթակայաններուն որդեգրած չէզոք կեցուածքը:

Նշենք, որ Մահմուտ Ապպաս երեկոյեան իր կեցութեան վայրին` «Ֆենիսիա» պանդոկին  մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն եւ հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կը գործակցին` կազմելու համար Լիբանանի կառավարութիւնը:

Ապպաս հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութեան հետ:

Մահմուտ Ապպաս յետմիջօրէին ուղղուեցաւ Նահատակաց հրապարակ եւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին` յարգելով Լիբանանի նահատակներուն յիշատակը:

Կը նախատեսուի, որ այսօր Ապպաս հանդիպումներ ունենայ պաղեստինեան խմբաւորումներու հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )