ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐԸ ԹԻՐԱԽ ԴԱՐՁՈՒՑԱԾ ՊԱՅԹՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ԻՐ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ Զիատ Պարուտ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Ճիորճիօ Նափոլիթանոյի հետ` դատապարտելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ իտալական շրջուն ջոկատի մը փոխադրակառքերէն մէկը թիրախ դարձուցած պայթումը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց Լիբանանի յանձնառութիւնը` միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առնչութեամբ:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան պահպանումին համար, բարձր գնահատելով նախագահ Նափոլիթանոյի նախանձախնդրութիւնը` Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ ոճրային այս արարքը հարաւի մէջ գործող իտալական զօրամասին դերակատարութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն չունենայ` աւելցնելով, որ հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` բացայայտելու համար այդ պայթումը գործած կողմերը եւ զանոնք փոխանցելու համապատասխան դատական ատեանին:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ հերթաբար ընդունեց ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտը, արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժարը եւ ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան, որոնց հետ քննարկեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պատկանող կառոյցին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ զայն հակակշիռի տակ առնելու ու Պարուտի հրահանգներուն չենթարկուելու թղթածրարը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ գերագոյն խորհուրդին գործունէութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES