Ակնարկ. Թուրքիան Եւ Եգիպտական Զարգացումները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու միամեայ իշխանութեան տապալումը իր արձագանգը պիտի ունենայ շրջանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ: Պոլսոյ մէջ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահի ընտրութեան ընթացքին Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներուն զօրավիգ կանգնող Քաթարի զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուին պարտութիւնն ու բանակին ձեռամբ եգիպտացի ժողովուրդի կատարած յեղաշրջումը ողջունող առաջին երկրին` Սէուտական Արաբիոյ զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուին ընտրութիւնը կու գայ յառաջիկայ զարգացումներու նախաճաշակ մը տալու:

Ամբողջ արաբական աշխարհը ողջունեց «եգիպտացի ժողովուրդին ձեռքբերումը», իսկ Արեւմուտքը զայն չդատապարտեց: Միայն Թուրքիան էր, որ այդ զարգացումը «անընդունելի» նկատեց: Պատճառը այն է, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը Եգիպտոսի Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր խորհրդական Սեֆեր Թուրանը նշանակած էր Եգիպտոսի հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցով պատուիրակ, եւ Էրտողանի խորհրդականները գրեթէ շաբաթական դրութեամբ Գահիրէ կ՛այցելէին` իրենց «իսլամ եղբայրներուն» Եգիպտոսի կառավարման շուրջ խորհուրդներ տալու համար:

Էրտողանի կուսակցութիւնը թուրք գործարարները քաջալերեց Եգիպտոսի մէջ ներդրումներ կատարելու, Գահիրէին երկու միլիառ տոլարի օժանդակութիւն տրամադրեց, իսկ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ եղող թրքական քաղաքապետութիւնները Գահիրէի աղբերը հաւաքելու համար 150 բեռնակառքեր նուիրեցին: Թուրքիոյ իշխանութիւնները աշխատանք կը տանէին, որպէսզի Եգիպտոս որդեգրէ թրքական բնորդը, ինչ որ ոչ միայն իր տեսակին մէջ առաջինը պիտի ըլլար, այլ նաեւ` Անգարայի «Նոր օսմանական» ղեկավարութեան համար նկատառելի եւ խոստմնալից ձեռքբերում մը` նկատի ունենալով արաբական աշխարհին մէջ Եգիպտոսի ունեցած դիրքն ու կշիռը: Ահա թէ ինչու Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան փոխնախագահ եւ բանբեր Հիւսէյն Չելիք «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց. «Եգիպտոսի մէջ յեղափոխութիւնը կ՛անիծեմ», իսկ Էրտողան իր արձակուրդը ընդհատեց եւ իր գլխաւորած կառավարութիւնը այդ օրակարգով արտակարգ նիստի մը հրաւիրեց: Թրքական իշխանութիւններուն մօտ վստահաբար գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Եգիպտոսի մէջ արձանագրուած զարգացումները քաջալերեն եւ նոր թափ տան «Կեզի հանրապարտէզ»-ի ցոյցերուն:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի զարգացումներն ու Ռաֆահի անցքի փակումը պատճառ դարձան, որ Էրտողանի Կազա այցելելու «բազմաչարչար» ծրագիրը անգամ մը եւս յետաձգուի: Տիրող կացութեան մէջ իսրայէլեան իշխանութիւնները Կազայի հարաւը գտնուող «Քարամ Ապուսալեմ» անցքը մասնակի կերպով բացին, այդպիսով Էրտողանին յիշեցնելով, որ եթէ Թել Աւիւի հետ իր երկրին սերտ յարաբերութիւններուն տէր կանգնած ըլլար, այսօր կրնար մեծ դիւրութեամբ Իսրայէլէն մուտք գործել Կազա, իսկ այժմ այդ այցելութիւնը կատարելու համար պէտք է պատշաճ գին մը վճարէ:

Իսլամ եղբայրներուն հետ Թուրքիոյ ունեցած սերտ յարաբերութիւններն ու անոր որդեգրած ներկայ սուր կեցուածքները եգիպտական բանակին կամ աշխարհիկ ուժերուն հետ նոյնպիսի եւ նոյն մակարդակի յարաբերութիւններու հաստատման կարելիութիւնը կը բացառեն: Աւելի՛ն, թրքական ջղագրգիռ կեցուածքները արաբական աշխարհին մէջ Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան եւ գաղափարախօսութեան հակադրուած երկիրներուն մօտ եւս Անգարայի նկատմամբ վերապահութիւններ կը ստեղծեն, իսկ Եգիպտոսի դէպքերուն քաղաքացիական պատերազմի վերածուիլը կրնայ առաւել եւս վնաս պատճառել Թուրքիոյ Միջին Արեւելքի նկատմամբ որդեգրած արտաքին քաղաքականութեան, որովհետեւ այդպիսի զարգացում մը իր մէջ կը պարունակէ Թուրքիան արաբական աշխարհին հետ անուղղակի ճակատումի մէջ ներքաշելու վտանգը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES