Վարչապետ Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Համախմբուելու Լիբանանեան Ազգային Միասնականութեան Շուրջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ դրուատեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին պատմական կեցուածքներն ու միջլիբանանեան միասնականութեան նպատակով անոր ի գործ դրած ջանքերը եւ Պէյրութ-Ռիատ յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու անոր յանձնառութիւնը:

Սալամ շեշտեց Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հաստատելու անհրաժեշտութիւնը եւ Ռիատի` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն նկատմամբ նոյն հեռաւորութեան վրայ մնալու կարեւորութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ, Սալամ կոչ ուղղեց բոլորին համախմբուելու լիբանանեան ազգային միասնականութեան շուրջ:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք մինչեւ վերջ պիտի չսպասէ կառավարութեան կազմութեան, այլ` իր խիղճին համաձայն որոշում մը պիտի տայ:

Share this Article
CATEGORIES