Նախագահ Սլէյման Դարձեալ Ընդունեց Մահմուտ Ապպասը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին Պաապտայի մէջ ընդունեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկելէ ետք իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները` Մահմուտ Ապպաս ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


