Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Հայաստան Ժամանած Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան կողմէ Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութ ուղիղ թռիչքի բացման առիթով Հայաստան ժամանած Լիբանանի պատուիրակութիւնը:

Յակոբեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Սիրելի՛ հիւրեր, այս թռիչքին բացումը պատմական քայլ է հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններուն մէջ: Կը կարծեմ, այսօր երկու կողմերուն համար ալ չափազանց կարեւոր է փոխադրութեան միջոցներու մատչելիութիւնը: Հաշուի պէտք է առնենք, որ շրջանային խնդիրներու պատճառով «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան այս որոշումը անհրաժեշտութիւն էր Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար: Նման թռիչքի շահագործումը պիտի օգնէ նաեւ երկու երկիրներու տնտեսութեան, մասնաւորապէս զբօսաշրջութեան զարգացման»:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան, որ ըսաւ. «Շնորհակալ եմ ձեր անկեղծ եւ ջերմ ընդունելութեան համար: Տիկին նախարար, դուք ձեր կարգին կը նպաստէք հայ-լիբանանեան բարի դրացիական յարաբերութիւններու զարգացման, որ ողջունելի է եւ գնահատանքի արժանի: Շնորհակալ ենք նաեւ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան եւ իմ լիբանանցի գործընկերներուս այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր նկատելու եւ իրականացնելու համար»:

Ներկաներուն ողջունեց նաեւ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան նախագահ Մոհամետ Հութ, որ մասնաւորապէս նշեց. «Լիբանանի կառավարութիւնը մեզի կարելիութիւն ընձեռած է 12 ուղղութիւններով թռիչքներ իրականացնել, անոնց շարքին է նաեւ Հայաստանը: Պատասխանատուութիւնը մեծ է եւ մենք պէտք է աշխատինք այնպէս, որ բոլորը գոհ ըլլան: Այս թռիչքով մենք պիտի օգնենք այն ուղեւորներուն, որոնք դժուարութեամբ կը հասնին Հայաստան: Նոյնինքն առաջին թռիչքին ժամանակ բոլոր ուղեւորները հայեր էին, ինչ որ ինծի համար շատ ուրախալի էր: Վայրէջք կատարելու ընթացքին անոնք կ՛երգէին Հայաստանի քայլերգը: Հասկնալի է, որ այս որոշումը շատ աւելին էր, քան ես կը սպասէի»:

Share this Article
CATEGORIES