«Օթան Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Դեսպանները Գաղտնալսելու Տեղեկատուութեամբ Մտահոգուած Չէ» Կ՛ըսէ Ռասմուսեն

Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ը անհանգստացած չէ Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ եւրոպական երկիրներու դիւանագէտներու հեռաձայնային բանակցութիւնները գաղտնալսելու մասին լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած տեղեկութեամբ եւ կը նկատէ, որ ատիկա իր տեղեկատուական անվտանգութեան վտանգ չի ներկայացներ:

«Ես չեմ կարծեր, որ ատիկա ՕԹԱՆ-ի համար խնդիր կը հանդիսանայ: Ես պատճառ չունիմ կասկածելու, որ համագործակցութեան անվտանգութեան որեւէ վտանգ կը սպառնայ», յայտնած է Ռասմուսեն:

Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան գործակալութիւնը Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ գաղտնալսած է Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները եւ կոտրած վերջիններուս համակարգչային ցանցերը:

Share this Article
CATEGORIES