Ըստ Ֆաթհ Շարժումին. Համաս Եգիպտոսի Հարցերուն Միջամտելուն Համար Պատասխանատու Է Ռաֆահի Անցքի Փակման
Պաղեստինեան Ֆաթհ շարժումի բանբեր Ահմետ Ասաֆ յայտարարեց, որ Համաս շարժումին «եգիպտացի ժողովուրդի կամքին դէմ կանգնիլն» ու ի նպաստ Իսլամ եղբայրներուն եւ ի վնաս եգիպտացի ամբողջ ժողովուրդին ու պաղեստինեան ազգային շահին եգիպտական ներքին հարցերուն միջամտելը կը նշանակէ, որ Ռաֆահի անցքի փակման առաջին պատասխանատուն Համասն է:
Ասաֆ շեշտեց, որ Համասի կեցուածքը պաղեստինցի ժողովուրդի կեցուածքը չի ներկայացներ եւ վնաս կը պատճառէ պաղեստինցի ժողովուրդին շահերուն ու դատին, «եւ մեզ կը ներքաշէ ներքին ճակատումներու մէջ, զորս չենք ուզեր»:
Արաբական երկիրներու, մասնաւորաբար Եգիպտոսի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն Իսլամ եղբայրներուն ցուցմունքով Համասի միջամտութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդի կամքն ու շահերը նկատի չ՛ունենար:
Ֆաթհ շարժումի բանբերը Եգիպտոսի իշխանութեանց կոչ ուղղեց վերաբանալու Ռաֆահի անցքը` վստահեցնելով, որ «Կազայի պաղեստինցի քաղաքացիները Համասի արարքներէն անմասն են եւ Համաս չի ներկայացներ Կազայի ժողովուրդը, որ ամէն առիթով իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ պաղեստինեան օրինականութեան` ընտրովի նախագահ Ապու Մազենի (Մահմուտ Ապպաս) օրինականութեան եւ ատոր վերջին օրինակը 4-1-2013-ին Ֆաթհ շարժումի հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով միլիոնաւոր հաւաք մը կատարելն էր»: