Թուրքիա Կը Դատապարտէ Գահիրէի «Ջարդը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ դատապարտեցին առաւօտեան նամազի ընթացքին Գահիրէի «ջարդը», որուն ընթացքին 42 զոհ արձանագրուեցաւ:

Տաւութօղլու «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրեց, որ «մարդկութեան արժէքներուն անունով բուռն կերպով կը դատապարտեմ առաւօտեան նամազի ընթացքին տեղի ունեցած ջարդը»:

Զոհերը արձանագրուեցան Գահիրէի մէջ նախագահական պահակագունդի ակումբին շէնքին մօտ:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Թուրքիա կը սպասէ, որ եգիպտացիները պաշտպանեն ժողովրդավարութիւնն ու իրենց ազատ կամքը: Ան աւելցուց, որ Եգիպտոս Միջին Արեւելքի մէջ ժողովրդավարութեան նկատմամբ աճող պահանջին նկատմամբ յոյս կը ներշնչէ եւ Թուրքիա միշտ պիտի զօրակցի եգիպտացի ժողովուրդին:

Տաւութօղլու շեշտեց, որ կարիքը կայ քաղաքական բնականոնացման հոլովոյթի մը, որ կը յարգէ եգիպտացի ժողովուրդին կամքը:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պոզտաղ իր կարգին «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ «բուռն կերպով կը դատապարտեմ եւ կ՛անիծեմ անոնք, որոնք առաւօտեան նամազի ընթացքին ջարդը գործադրեցին եւ հրամայեցին»:

Պոզտաղ հարց տուաւ, որ ցուցարարներուն սպանութենէն ետք յեղաշրջումը «ճիշդ անունով չկոչելով Եգիպտոսի մէջ յեղաշրջումին զօրավիգ կանգնողներուն, ուղղակի կերպով զօրակցողներուն եւ մեծ ուրախութեամբ ողջունողներուն» խիղճը հանգի՞ստ է:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան Համաս շարժումը դատապարտեց ցուցարարներուն սպանութիւնը` «խոր ցաւ եւ տխրութիւն» յայտնելով արձանագրուած զոհերուն համար:

Իսլամական շարժումը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց «սիրելի եգիպտացի ժողովուրդին արիւնը խնայելու»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES