Արսենալէն Երկու Մարզիկներ Փոխ Տրուեցան Գերմանիա
Արսենալ իր մարզիկներէն երկուքը փոխ տուաւ «Պունտըսլիկա»-ի խումբերուն:
Ֆրանսայի միջնապահ Ֆրանսիս Քոքուելէն, որ 2008-ին, երբ 17 տարեկան էր լոնտոնեան կազմին միանալով անոր հետ կատարեց 43 մրցում, փոխ տրուեցաւ Ֆրայպուրկի` հոն յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար:
Իսկ զուիցերիացի յետսապահ Եոհան Տժուրու, որ նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Հանովըր-96-ի, մնաց Գերմանիոյ մէջ, ուր պիտի կրէ Համպուրկի շապիկը:
CATEGORIES Մարզական

