Ֆորմիւլա-Ռընոյի Ախոյեանութիւն. Լիբանանցի Ճօ Ղանեմ Բարձրացաւ Փոտիում
Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ֆորմիւլա-Ռընոյի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումը` Քրոֆըթի վազքուղիին վրայ:
Լիբանանցի վարորդ Ճօ Ղանեմ ի վերջոյ յաջողեցաւ բարձրանալ փոտիում, երբ հանդիսացաւ երրորդ:
Թէեւ ան այս վազքուղին սկսաւ 7-րդ դիրքէն, սակայն յաջողեցաւ բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելով հասնիլ 3-րդ դիրք:
Ինչ կը վերաբերի ընդհանուր դասաւորման, ան այժմ 137 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:
Նշենք, որ ան մաս կը կազմէ «M-Tech Lite» խումբին:
CATEGORIES Մարզական


