Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահը Պաքուի Կոչ Կ՛ուղղէ Յարգելու Մարդկային Իրաւունքները
Contact.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Մինսքի խմբակի համանախագահ Եան Քելի Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ ԵԱՀԿ-ի առջեւ ստանձնած իրենց պարտաւորութիւնները կատարելու:
Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ընթացքին Քելի ըսած է, որ Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկները, կուսակցութիւնները, մամլոյ ներկայացուցիչներն ու իրաւապաշտպանները իշխանութիւններուն կողմէ ճնշումներու կ՛ենթարկուին:
«Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք խօսքի, հաւաքներու, միութիւններ կազմելու ազատութեան իրաւունքները երաշխաւորելու առնչութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարելու», ըսած է ան:
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է «Ազատ մտքի համալսարան» լուսաւորչական կեդրոնը փակելու, ՆԻՏԱ շարժումի գործիչներու, ինչպէս նաեւ յայտնի ընդդիմադիր գործիչ, Հանրապետական այլընտրանք շարժումի ղեկավար Իլկար Մամետովի ձերբակալութեան համար:
Քելի անդրադարձած է նաեւ Պաքուի մէջ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան լիազօրութիւնները նուազեցնելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններու մտադրութեան եւ կոչ ուղղած է պահպանելու գործող կարգավիճակը:
ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը Պաքուին նաեւ յորդորած է ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդկային իրաւանց գրասենեակի եւ խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայացուցիչները հրաւիրել Ազրպէյճան` հոկտեմբեր 2013-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն հսկելու համար:


