Տիգրանակերտի Մէջ 17 Անշարժ Գոյք Վերադարձուած Է Հայերուն
Tert.am` վկայակոչելով «Հայ թերթ»-ը, կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամը քսան թաղամասերու մէջ 190 անշարժ գոյքի նկատմամբ դիմում ներկայացուցած էր եւ այդ գոյքերէն 17-ը արդէն վերադարձուած են հայ համայնքին:
Տիգրանակերտի մէջ 1915-էն ետք չօգտագործուելու պատճառով աւերուած Ս. Կիրակոս հայկական եկեղեցին 2009-ին վերաբացուած էր: Եկեղեցին վերանորոգուած էր սփիւռքահայերու եւ Տիգրանակերտի քաղաքապետարանին միջոցներով: Վերանորոգման ընթացքին այնտեղ յայտնաբերուած էին հայերէն փաստաթուղթեր, որոնք հայերու պատկանող գոյքերու մասին տեղեկութիւն կը բովանդակէին:
Ըստ փաստաթուղթերուն, 1910-1921-ին Տիգրանակերտի քսան թաղամասերու մէջ շուրջ 190 տուն, հողատարածք, պաշտամունքի վայրեր պատկանած են հայերուն: Հայերէն փաստաթուղթը թրքերէնի թարգմանուած էր, եւ հիմնադրամը դիմած էր զանոնք ստանալու պահանջով: Եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար Վարդգէս Էրկիւն Այըք անոնցմէ 17-ի վերադարձին կապակցութեամբ ուրախութիւն յայտնած է:
«Անցեալին մեր համայնքին պատկանած այգիներն ու հողատարածքները բռնագրաւուած են: Նոյնիսկ, երբ 190-էն 17-ը վերադարձուած են, անոնք ներկայիս տէրերէն ետ ստանալը բարդ է, եւ մենք դատական կարգով պիտի փորձենք պաշտպանել մեր իրաւունքները: Թէ այդ մէկը ինչպէ՛ս տեղի պիտի ունենայ, նոյնիսկ մենք չենք գիտեր: Պաշտօնատարներու աջակցութիւնը կ՛ակնկալենք», ըսած է ան:

