Տաւիտ Վիյա Պարսելոնայէն Փոխանցուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ

Իր լուրը քաղելով Պարսելոնայի կայքէջէն` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տաւիտ Վիյա իր ակումբը` Պարսան լքելով միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի:

31 տարեկան ֆութպոլիստին համար Աթլեթիքօ Սպանիոյ ախոյեանին պիտի վճարէ 5,1 միլիոն եւրօ, սակայն` 3 բաժինով: Այս տարի` 2,1 միլիոն եւրօ, 2-ը` յառաջիկայ տարի, իսկ մնացեալ 1 միլիոնը` անկէ տարի մը ետք:

Ատկէ բացի, եթէ Վիյա ապագային այլ կազմի մը փոխանցուի, Պարսելոնա այդ փոխանցումին 50 առ հարիւրը ինք պիտի ստանայ:

Վիյա արդէն իսկ սկսած էր նկատի առնուիլ իբրեւ պահեստի մարզիկ: Այս տարեշրջանին պրազիլցի Նէյմարի ժամանումը յաւելեալ պատճառ կրնայ դառնալ, որ մարզիչ Թիթօ Վիլանովա գրեթէ ամբողջութեամբ մոռնայ Վիյան, որ 2010-ին Պարսելոնայի միանալէն ետք 119 մրցումի ընթացքին նշանակեց 48 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES